ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Եւ­րո­պա­կան միու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի ե­րէկ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Թեհ­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան յա­ջոր­դած մթնո­լոր­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան Մո­կե­րի­նիի շփում­նե­րը։ Այդ նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին ա­րեւմ­տեան յա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րու կող­մէ բարձ­րաս­տի­ճան շարք մը պաշ­տօ­նա­տար­ներ ար­դէն այ­ցե­լած էին Թեհ­րան, իսկ ե­րէկ ար­դէն տե­ղի ու­նե­ցան Մո­կե­րի­նիի շփում­նե­րը։ Ան Թեհ­րա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու հետ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Ռու­հա­նի եւ Մո­կե­րի­նի քննար­կե­ցին Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրա­գի­րը եւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ի­րադ­րու­թիւ­նը։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան նաեւ զա­նա­զան խնդիր­ներ, ո­րոնք ա­ռար­կայ են կող­մե­րու փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թեան։ Կող­մե­րը կանգ ա­ռին նաեւ Ի­րա­նի եւ Եւ­րո­պա­յի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման ու­ղի­նե­րուն վրայ։ Կար­ծի­քի փո­խան­ա­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հար­ցե­րու, ա­հա­բեկ­չու­թեան հիմ­նախնդ­րին, ինչ­պէս նաեւ Ի­րա­քի, Սու­րիոյ եւ Ե­է­մէ­նի ի­րադ­րու­թեան շուրջ։

Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Վիեն­նա­յի մէջ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան ստո­րագ­րու­թիւն դրած Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի եւ Մու­համ­մէտ Ճե­ւատ Զա­րիֆ Թեհ­րա­նի մէջ ալ սար­քե­ցին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Այս առ­թիւ եւ­րո­պա­ցի յանձ­նա­կա­տա­րը նշեց, թէ մի­ջու­կա­յին ծրագ­րի շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թեան պայ­ման­նե­րուն կա­տա­րու­մը Թեհ­րա­նի առ­ջեւ կը բա­նայ ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր ու­ղի­ներ։

Մինչ այդ, Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նիի Թեհ­րան այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ Մուհ­հա­մէտ Ճե­ւատ Զա­րիֆ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցուց դէ­պի Պար­սից ծո­ցի եր­կիր­ներ։ Այս­պէս, քա­ռօ­րեայ ու­ղե­ւո­րու­թեան շրջագ­ծով ան ի­րե­րա­յա­ջորդ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Քուէյ­թի, Քա­թա­րի եւ Ի­րա­քի մէջ։ Զա­րիֆ այդ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց Վիեն­նա­յի մէջ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ու փոր­ձեց յաղ­թա­հա­րել ա­նոնց առ­կայ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը։ Հարկ է նշել, որ մաս­նա­ւո­րա­պէս Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան ան­հան­գիստ է յի­շեալ հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն։

Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նիի այ­ցե­լու­թե­նէն վերջ, այժմ Թեհ­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տուի հիւ­րըն­կա­լել նաեւ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­րան Ֆա­պիու­սը, որ եւս պի­տի այ­ցե­լէ Ի­րան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2015