ԺԱՄԵՐՈՒ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան շա­բա­թա­վեր­ջին աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Վրաս­տան, ուր մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան ո­ղիմ­պիա­կան փա­ռա­տօ­նի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։ Այս շրջագ­ծով Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ իր վրա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Ի­րակ­լի Ղա­րի­պաշ­վի­լիի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խըն­թաց օր Աբ­րա­հա­մեան եւ Ղա­րի­պաշ­վի­լի այ­ցե­լե­ցին Վրաս­տան-Ռու­սաս­տան սահ­մա­նին վրայ տե­ղա­կա­յուած Տա­րիա­լի (Քազ­պէք) սահ­մա­նա­յին ան­ցա­կէ­տը։ Եր­կու վար­չա­պետ­նե­րը տեղ­ւոյն վրայ ծա­նօ­թա­ցան այս ան­ցա­կէ­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն, զրու­ցե­ցին աշ­խա­տա­կից­նե­րուն հետ։ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան մաս­նա­ւո­րա­պէս հե­տաքրք­րուե­ցաւ, թէ ի՛նչ խնդիր­ներ ու­նին այն բեռ­նա­տա­րե­րը կամ ինք­նա­շար­ժնե­րը, ո­րոնք Հա­յաս­տա­նէն Վրաս­տա­նի տա­րած­քով կը մեկ­նին Ռու­սաս­տան։ Ան հե­տաքրք­րուե­ցաւ, թէ որ­քա՛ն ժա­մա­նակ անհ­րա­ժեշտ է փաս­տա­թուղ­թե­րը զննե­լու եւ հա­մա­պա­տաս­խան ըն­թա­ցա­կար­գը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Այն­տեղ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան զրու­ցեց նաեւ այդ սահ­մա­նա­յին դրան մի­ջո­ցաւ Ռու­սաս­տան ու­ղե­ւո­րուող Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հետ։

Եր­կու վար­չա­պետ­նե­րը շրջայ­ցի ա­ւար­տին ամ­փո­փե­ցին ար­դիւնք­նե­րը։ Ա­նոնց մի­ջեւ գո­յա­ցաւ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն, ըստ ո­րու Վրաս­տան-Ռու­սաս­տան սահ­մա­նի Տա­րիա­լի ան­ցա­կէ­տի աշ­խա­տան­քը պի­տի եր­կա­րաձգուի եւս 3.5 ժա­մով։ Այ­սինքն՝ վեր­ջին մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին ընդ­հա­նուր առ­մամբ 6.5 ժա­մով։ Ըստ նոր պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թեան այս սահ­մա­նա­դու­ռը պի­տի գոր­ծէ ա­ռա­ւօ­տուն ժա­մը 05.30-էն սկսեալ մին­չեւ կէս գի­շեր։ Հարկ է ա­ւելց­նել, որ շուրջ ա­միս մը ա­ռաջ դար­ձեալ եր­կու վար­չա­պետ­նե­րու քննարկ­ման ա­ռար­կայ դար­ձած էին այդ ան­ցա­կէ­տին աշ­խա­տան­քա­յին ժա­մե­րը։

Այս վեր­ջին զրոյ­ցին ըն­թաց­քին կող­մե­րը քննար­կե­ցին Վրաս­տա­նի ան­ցա­կէ­տե­րուն մօտ հայ­կա­կան բեռ­նա­տար­նե­րու խցա­նում­նե­րը նուա­զա­գոյ­նի հասց­նե­լու հար­ցե­րը։ Օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան նաեւ Հա­յաս­տա­նէն վրա­ցա­կան ան­ցա­կէ­տե­րու մի­ջո­ցաւ կազ­մա­կեր­պուող ար­տա­ծում­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցը դիւ­րաց­նե­լու վե­րա­բե­րեալ շարք մը հար­ցեր։ Աբ­րա­հա­մեան եւ Ղա­րի­պաշ­վի­լի խօ­սե­ցան նաեւ «Բա­րե­կա­մու­թեան» կա­մուր­ջի շի­նա­րա­րու­թեան շուրջ։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ այդ կա­մուր­ջը կա­ռու­ցուի հայ-վրա­ցա­կան սահ­մա­նին վրայ։ Կող­մե­րը պայ­մա­նա­ւո­րուե­ցան, որ­պէս­զի շի­նա­րա­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը սկսի փու­թով։

Աբ­րա­հա­մեան-Ղա­րի­պաշ­վի­լի տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նաեւ Վրաս­տա­նը Ռու­սաս­տա­նին կա­պող մայ­րու­ղիին հար­ցը։ Ար­դա­րեւ, այդ մայ­րու­ղիի կարգ մը հա­տուած­նե­րէն ներս մշտա­պէս կ՚ապ­րուին սո­ղանք­ներ եւ քա­րա­թա­փում­ներ, ինչ որ լուրջ վտանգ­նե­րու յղի է։ Վրա­ցա­կան կող­մը տե­ղե­կա­ցուց, թէ կը նա­խա­տե­սէ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել այդ ճա­նա­պար­հա­հա­տուած­նե­րը ա­ռա­ւել անվ­տանգ դարձ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Նոյն նպա­տա­կով, մաս­նա­ւո­րա­պէս, կը նա­խա­տե­սուի ի­րա­կա­նաց­նել ճա­նա­պար­հի լայ­նաց­ման, ինչ­պէս նաեւ լու­սա­ւոր­ման աշ­խա­տանք։

Քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին եր­կու վար­չա­պետ­նե­րու կող­քին էին պատ­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2015