ՆԱԹՕ-Ի ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ Ի ՆՊԱՍՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲԱՑԱՅԱՅՏ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ե­րէկ շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) եւ ՓՔՔ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ։ Բա­նա­կը օ­րե­րէ ի վեր ծանր հա­րուած­ներ կը հասց­նէ ա­նոնց, ինչ որ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը բնո­րո­շէ նաեւ երկ­րին օ­րա­կար­գը։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւնն ալ կը փոր­ձէ երկ­րէն ներս ի­րա­կա­նաց­նել բռնա­րարք­ներ՝ ինք­զին­քին թի­րախ ընտ­րե­լով անվ­տան­գու­թեան ու­ժերն ու ա­նոնց կեդ­րոն­նե­րը։ Գրե­թէ ա­մէն օր հան­րա­յին կար­ծի­քը ան­սահ­ման ցա­ւով ու վրդով­մունք­ով կը հե­տե­ւի նա­հա­տակ­նե­րու յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն։

Առ­կայ մթնո­լոր­տին մէջ Թուր­քիա կը գոր­ծէ մի­ջազ­գա­յին ան­նա­խըն­թաց զօ­րակ­ցու­թեան մը պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ։ Ե­րէկ, Պրիւք­սէ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՆԱ­ԹՕ-ի խոր­հուր­դի ար­տա­հերթ նիս­տը, որ գու­մա­րուե­ցաւ Թուր­քիոյ հրա­ւէ­րով։ Դա­շին­քը պա­խա­րա­կեց Թուր­քիոյ են­թար­կուած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րը եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ հա­մա­տեղ պայ­քար մղե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դամ­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին նաեւ, թէ պի­տի շա­րու­նա­կեն հե­տե­ւիլ Թուր­քիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

Ներ­կայ դրու­թեամբ լուրջ հա­կազ­դե­ցու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ նաեւ ՀՏՓ­-ի հա­մա­կու­սակ­ցա­պետ­նե­րէն Սե­լա­հատ­տին Տէ­միր­թաշ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ա­հա­բեկ­չա­կան բռնա­րարք­նե­րը Թուր­քիոյ մէջ այն­պի­սի ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծե­ցին, որ գործ­նա­կա­նօ­րէն կանգ ա­ռաւ քրդա­կան ար­մատ­նե­րով քա­ղա­քա­ցի­նե­րու խնդիր­նե­րու լուծ­ման ուղ­ղեալ գոր­ծըն­թա­ցը։ Պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին այս ա­ռու­մով պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը վե­րագ­րէ Սե­լա­հատ­տին Տէ­միր­թա­շին։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ Չի­նաս­տան մեկ­նե­լէ ա­ռաջ յայտ­նեց, թէ ան­կա­րե­լի է լուծ­ման գոր­ծըն­թաց մը յա­ռաջ տա­նիլ՝ եղ­բայ­րու­թեան դէմ դա­ւա­ճա­նած­նե­րու հետ։ Վեր­ջին օ­րե­րու բուռն հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ այս ա­ռա­ւօտ հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ Ան­գա­րա­յի դա­տա­խա­զու­թեան կող­մէ ամ­փո­փուած են Տէ­միր­թա­շի վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղ­թե­րը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2015