ԱՆՅՈՅՍ ԵՒ ԱՆՄԱՐԴԿԱՅԻՆ

Ատրպէյճանի կողմէ ամբողջութեամբ պաշարուած Արցախի մէջ մարդասիրական տագնապը կը խորանայ՝ հասնելով անհաւատալի համեմատութիւններու։ Առկայ մտահոգ սպասումի մթնոլորտին մէջ, երէկ, Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցչութիւններու ներկայացուցիչները այցելեցին Լաչինի միջանցքի սկզբնամասը՝ Կոռնիձորի հատուածը, ուր կը սպասեն Հայաստնէն Արցախ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարները, որոնց տեղ հասնելուն թոյլ չի տրուիր Ատրպէյճանի կողմէ, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի ձեռնունայն վերաբերմունքով հանդերձ։ Օտարերկրեայ դիւանագէտներու խումբը առաջնորդուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանի կողմէ։ Անոնք ականատես եղան Լաչինի միջանցքի սկզբնամասին բեռնատարներու մեծ շարասիւնին, իսկ աւելի վերջ Սիւնիքի մարզպետարանին մէջ ունեցան խորհրդակցութիւն մը։ Սեղանի շուրջ տեղի ունեցած խօսակցութիւններուն առընթեր, օտարերկրեայ դիւանագէտները զրուցեցին նաեւ շրջանի բնակիչներուն հետ։ Այս հաւաքոյթի ընթացքին Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեան ըսաւ. «Ատրպէյճան սովամահութեան մատնած է Արցախի բնակչութիւնը եւ կը խօսի համարկման մասին»։

Իր կարգին, Վահան Կոստանեանն ալ ելոյթներով հանդէս եկաւ թէ՛ օտարերկրեայ դիւանագէտներու հետ խորհրդակցութեան ընթացքին եւ թէ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ժամանակ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-նախարարը յայտնեց, որ Հայաստան յոյս ունի, թէ միջազգային հանրութիւնը ջանքերը կը մէկտեղէ եւ վերջ կու տայ Արցախի մարդասիրական տագնապին։ «Դժուար է պատկերացնել, որ 21-րդ դարուն նման իրավիճակ մը կրնայ ըլլալ։ Եւ դժուար է պատկերացնել, որ նման պարագայի մէջ միջազգային հանրութիւնը պիտի չմէկտեղէ իր ջանքերը՝ մէկ ճանապարհով փորձելու համար լուծել մարդասիրական տագնապը, որ ժամ առ ժամ կ՚ահագնանայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Այս եօթ ամիսները ցոյց տուին, որ Ատրպէյճան ո՛չ միայն ականջալուր չէ միջազգային հանրութեան կոչերուն՝ բանալու համար Լաչինի միջանցքը, այլեւ բացառիկ արհամարհանք կը դրսեւորէ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանին կողմէ արձակուած վճռին։ Ատրպէյճան պէտք է ապահովէ Լաչինի միջանցքով մարդկանց, ինքնաշարժներու եւ բեռներու երկկողմանի անարգել երթեւեկութիւնը՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս նախատեսուած է 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեամբ, որու տակ դրուած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին ստորագրութիւնը», յայտնեց այս առթիւ Վահան Կոստանեան եւ աւելցուց, որ Պաքուի ղեկավարութեան վերջին յայտարարութիւնները դժուար թէ համարուին շինիչ։

Անյոյս, անմարդկային ու անհեռանկար առկայ իրավիճակին մէջ Ատրպէյճան ո՛չ միայն պաշարուած կը պահէ Արցախը, նաեւ զինեալ յարձակումներն ալ կը շարունակուին։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը Շուշիի շրջանէն ներս կիրառած են հրաձգային զէնքեր։

Երեւանի ղեկավարութիւնը միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել Արցախի պարագային ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Երէկ, ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Արմէն Պապիկեան հերթական անգամ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է հրատապ կերպով հասցէագրուին։ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի ժողովին ընթացքին ան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, թէ Ատրպէյճանի կողմէ ամիսներէ ի վեր Լաչինի միջանցքը փակուած է ապօրինի ձեւով եւ այս երեւոյթին հետեւանքով Արցախի մէջ արագօրէն վատթարացող մարդասիրական ճգնաժամ մը խնդրոյ առարկայ է։ Մշտական ներկայացուցիչը ժողովականներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց վերջին զարգացումներուն շուրջ։ Դեսպան Արմէն Պապիկեան ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի նիստի ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց, որպէսզի Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրառուին՝ քանի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռները ունին պարտաւոր բնոյթ։

Հասարակական հարթութեան վրայ ալ Արցախի մատնուած կացութիւնը զգայնութեան առարկայ կը դառնայ։ Երէկ, Եւրոխորհուրդի շէնքին դիմաց տեղի ունեցաւ լուռ բողոքի ցոյց մը։ Ցուցարարները համախմբուած էին «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» կարգախօսով։ Իր կարգին, Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչն ալ ըսաւ. «Իմ միտքերը իրավիճակի ծանրութիւնը կրող մարդոց հետ են»։ Միեւնոյն ժամանակ ան կոչ ուղղեց, որպէսզի Լաչինի միջանցքը վերաբացուի։

Իր կարգին, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանն ալ Զուիցերիայէն հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Պէտք է ճնշում գործադրել, որպէսզի դէպի Արցախ օդային միջանցք մը բացուի»։

Շաբաթ, Յուլիս 29, 2023