ՆՈՐ ԴԱՇԻՆՔՆԵՐ ԱՌԱՆՑ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔԻ
Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները կանոնաւոր կերպով տեղի կ՚ունենան առանց տեսանելի յառաջընթացի եւ միջազգային դաշինքներու վերակազմաւորման ենթախորքին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յատկանշական բանաձեւում մը տուած է գործընթացին՝ ըսելով, որ բանակցութիւններու յաջողութեան նշանը անոնց շարունակութիւնն է։ «Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ համաձայնութիւն ձեռք բերելը հնարաւոր է եւ անհամբերութեամբ կը սպասենք ապագայ բանակցութիւններուն յառաջիկայ ամիսներուն»։ Ամէն ինչ ըսուած է, կարեւորը բանակցիլն է, նոյնիսկ եթէ այդ ընթացքին Ատրպէյճան Արցախի շրջափակումը եւ արցախահայութեան դէմ իր ցեղասպանական, ցեղային զտման քաղաքականութիւնը կը շարունակէ, նոյնիսկ եթէ անօդաչուով յարձակում կը գործէ՝ սպաննելով Արցախի չորս զինուորներ…
Այսպէս, երկրորդ անգամ ըլլալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով, Ուաշինկթընի մէջ (…) բանակցութիւններ վարեցին՝ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Պլինքընի մասնակցութեամբ։ Այնուհետեւ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը միջազգային հանրութեան յիշեցուց Արդարադատութեան միջազգային ատեանի երկրորդ վճիռը՝ ըսելով. «Արդարադատութեան միջազգային ատեանը վերահաստատեց իր որոշումը՝ Ատրպէյճանը պարտաւորեցնելով Լաչինի միջանցքով ապահովել անարգել մուտք։ Ատրպէյճան պէտք է ամբողջութեամբ կատարէ միջազգային ատեանի փետրուարի 22-ի որոշումը՝ առանց շահարկումի»։ Սակայն ո՞վ է լսողը։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝ Բերձորի միջանցքը բանալու ըստ 2020-ի նոյեմբերի 9-ի եռակողմանի յայտարարութեան տրամադրութեան։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եթէ անցեալին չէր համարձակեր ուղղակի պատասխանել Ռուսաստանի կոչերուն, ներկայիս Պայրամով առանց վարանելու՝ ո՛չ թէ կ՚անտեսէ, այլ կը հակադրուի անոր ըսելով. «Ատրպէյճանի պետութիւնը ունի հարցերը լուծելու իր տեսակէտը՝ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան։ Մենք մեր քաղաքականութիւնը կը վարենք ո՛չ թէ այս կամ այն մարդոց կոչերուն համաձայն, այլ մեր ազգային շահերէն մեկնած։ Վստահ ենք, որ այս քաղաքականութիւնը դրական արդիւնքներու պիտի յանգի»։
Աւելին՝ Պայրամով նոյնքան ուշագրաւ յայտարարութիւն մը կատարեց, թէ կ՚ամփոփէ Ատրպէյճանի բանակցային ռազմավարութիւնը. «44-օրեայ Հայրենական պատերազմէն եւ անոր մեր յաղթանակէն ետք, մեր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը այդ յաղթանակի ամրագրումն է իրաւական եւ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ, անոր ընդունումը՝ միջազգային հանրութեան կողմէ։ Ասոր զուգահեռ կը շարունակուին այս հարցը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ լուծելու ուղղութեամբ ջանքերը»։ Ան չէ մոռցած յիշեցնել, որ կողմերը բանակցութիւններ կը վարեն հաղորդակցութեան ուղիներու բացման շուրջ, ինչ որ պէտք է մեկնաբանել իբրեւ Սիւնիքի միջանցքը Հայաստանին պարտադրելու միջոց։
Միացեալ Նահանգներ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները կը դիտարկէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին եւ Արեւմուտք-Իրան հակադրութեան ծիրէն ներս։ Այս դիտանկիւնէն յատկանշական է Հայաստանի անվտանգութեան խուրհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յատուկ այցը ԱՄՆ, ուր ան տեսակցեցաւ Ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ՝ քննարկելու համար տարածաշրջանային եւ աւելի լայն՝ արտատարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակն ու մարտահրաւէրները։ Այստեղ ուշագրաւ է «արտատարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակն ու մարտահրաւէրները» բանաձեւումը։ Նկատի ունենալով, որ Հայաստան Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ իր խնդիրները լուծելու դժուարութիւն ունի՝ ԱՄՆ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը դիտարկէ մասնաւորապէս արտատարածաշրջանային մարտահրաւէրներու տեսանկիւնէն՝ այսինքն Ռուսաստան, Իրան, եւ ընդհանրապէս Արեւմուտք-Արեւելք ձեւաւորուող նոր դաշինքներու շրջածիրին մէջ, ուր Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը երաշխաւորուած չէ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի