ՓԵՔԻՆ ԵՒ ԹԻՖԼԻԶ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ
Փեքինի եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնները կ՚ընթանան ռազմավարական գործընկերութիւն մը հաստատելու ճանապարհին։ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի վերջին օրերուն այցելեց Չինաստան։ Չենտու քաղաքին մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփինի կողմէ։ Անոնք յայտարարեցին, որ Չինաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւն կը հաստատուի։
Իրակլի Ղարիպաշվիլի այս առթիւ յայտարարեց, որ Վրաստան բարձր կը գնահատէ Չինաստանի հետ բարեկամութիւնն ու գործունէութիւնը։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց յարաբերութիւնները ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի հասցնելու որոշման համար։ Իր կարգին, Սի Ծինփինն ալ նշեց, որ երկու երկիրները պէտք է նպաստեն ռազմավարական գործընկերութեան առողջ, կայուն զարգացման։ Հարկ է նշել, որ Չինաստանի Չենտու քաղաքին մէջ տեղի կ՚ունենայ Համալսարանական մարմնամարզի միջազգային դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած 31-րդ խաղերու մրցաշարքը, որու բացման արարողութիւնը մէկտեղեց աշխարհի շարք մը երկիրներու ղեկավարները։ Ղարիպաշվիլին ալ նոյն առթիւ մեկնած էր Չենտու, ուր տեղի ունեցաւ իր հանդիպումը Սի Ծինփինի հետ։