«ՄԻՈՒԹԻՒՆ 2015. ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՄՐՑՈՅԹ-ՀԱՒԱՔԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ

«Միու­թիւն 2015. յաղ­թա­նա­կի ժա­ռան­գորդ­նե­րը» ռազ­մա­մար­զա­կան հա­ւա­քի եզ­րա­փա­կիչ մի­ջո­ցա­ռու­մը նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան, որ նա­խա­պէս ալ այ­ցե­լու­թիւն մը տուած էր այս հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րու ճամ­բա­րին։ Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Գոր­ծադ­րուե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր, տե­ղի ու­նե­ցաւ հրա­վա­ռու­թիւն եւ հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը վառ տպա­ւո­րու­թիւ­նով թե­ւա­կո­խե­ցին հրա­ժեշ­տի հանգ­րուան։ Ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին Սէյ­րան Օ­հա­նեանն ալ հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, նաեւ կա­տա­րեց պար­գե­ւատ­րում­ներ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, լրագ­րող­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Սէյ­րան Օ­հա­նեան կա­րե­ւո­րեց սոյն ու­սում­նա­մար­զա­կան հա­ւա­քին Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուի­լը։ Նա­խա­րա­րը զան­գուա­ծա­յին լրա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն յայտ­նեց, որ գոհ է ար­դիւնք­նե­րէն։ «Ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը այն է, որ մրցում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան բա­րեա­ցա­կամ մթնո­լոր­տի մը մէջ, յաղ­թե­ցին միաս­նու­թիւնն ու բա­րե­կա­մու­թիւ­նը։ Բազ­միցս կրկնած եմ, որ իմ եւ իմ նա­խորդ սերն­դա­կից­նե­րու ձեռք բե­րած ար­ժէք­նե­րը պէտք է փո­խան­ցուին ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րուն, որ­պէս­զի ձեռք­բե­րում­ներն ու յաղ­թա­նակ­նե­րը ա­պար­դիւն չըլ­լան։ Այս ա­ռու­մով սոյն հա­ւա­քը վառ վկա­յու­թիւն­նե­րէն մին է։ Շատ կա­րե­ւոր է, որ պա­տա­նի­նե­րը ստա­ցան նաեւ ռազ­մա­կան գի­տե­լիք­ներ, շփուած են ի­րա­րու հետ, ճանչ­ցած են նոր մար­դիկ ու նոր եր­կիր­ներ», ը­սաւ Սէյ­րան Օ­հա­նեան։

Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հան­դէս ե­կան մշա­կու­թա­յին ե­լոյթ­նե­րով, պա­րե­րով ու թա­տե­րակ­նե­րով։

«Միու­թիւն 2015. յաղ­թա­նա­կի ժա­ռան­գորդ­նե­րը» հա­ւա­քը ձօ­նուած էր Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տի 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նի­ն։

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2015