ԱՆԹԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ե­րէկ, Ան­թա­լիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Թուր­քիոյ, Ատր­պէյճա­նի եւ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Ե­ռա­կողմ հան­դիպ­ման տան­տէրն էր Արտա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու, որ համախմ­բեց իր ա­զէ­րի եւ թիւրք­մեն պաշ­տօ­նա­կից­նե­րը՝ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րովն ու Ռա­շիտ Մե­րե­տո­վը։

Ան­թա­լիոյ մէջ տե­ղի ու­նեցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին ե­րեք նա­խա­րար­նե­րը սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Ըստ Չա­վու­շօղ­լուի, այս ե­րեք եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ հաս­տա­տուած սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով նման ժո­ղով­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին թա­փով։ Ե­ռակող­մա­նի հան­դի­պում­ներն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թաց­նե­րը կը նպաս­տեն տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խա­ղա­ղու­թեան ու կա­յու­նու­թեան։ Չա­վու­շօղ­լուի բա­նա­ձե­ւու­մով, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­րո­նում­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին «Մէկ ազգ ե­րեք պե­տու­թիւն» հաս­կա­ցու­թեան հի­ման վրայ։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին ե­ռա­կողմ հան­դիպ­ման դրու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կուի ա­ւե­լի աշ­խոյժ ձե­ւով։

Նոյն մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ընթաց­քին Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով ընդգ­ծեց, թէ ե­ռա­կողմ ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած են կա­րե­ւոր խնդիր­ներ։ Այս ձե­ւա­չա­փին մէջ կազ­մա­կեր­պուած ժո­ղովնե­րը լուրջ թափ կ՚ա­պա­հո­վեն այն աշ­խա­տանք­նե­րուն, ո­րոնք յա­ռաջ կը տա­րուին քա­ղաքա­կան, տնտե­սա­կան, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, ու­ժա­նիւ­թի եւ բեռնա­փո­խադ­րու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հա­մար։ Իր կար­գին, Ռա­շիտ Մե­րե­տովն ալ յայտ­նեց, թէ աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տա­րուին ե­րեք եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ գա­գա­թա­ժո­ղով մը կազ­մա­կեր­պե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Ան­թա­լիոյ մէջ ժո­ղո­վա­կան նա­խա­րար­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցան նաեւ երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ։ Այս շրջագ­ծով Չա­վու­շօղ­լու զրոյց­ներ ու­նե­ցաւ Մա­մէ­տեա­րո­վի եւ Մե­րե­տո­վի հետ։

Չա­վու­շօղ­լու-Մա­մէ­տեա­րով զրոյ­ցին ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քը եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Նա­խա­րար­նե­րը անդ­րա­դար­ձան Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կարս եր­կա­թու­ղիի շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու ներ­կայ հանգ­րուա­նին։ Ա­նոնք կանգ ա­ռին նաեւ մաք­սա­յին եւ բեռ­նա­փո­խադ­րու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս ա­ւե­լի սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը ծա­ւա­լե­լու ուղ­ղեալ քայ­լե­րու վրայ։ Ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լով՝ Մեւլիւտ Չա­վու­շօղ­լու եւ Մա­մէ­տեա­րով խօ­սե­ցան Անդ­րա­նա­տո­լեան բնա­կան կա­զի խո­ղո­վա­կա­շա­րի (TANAP) ծրագ­րին։ Պա­քուի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Չա­վու­շօղ­լու-Մա­մէ­տեա­րով զրոյ­ցին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։

Մեւլիւտ Չա­վու­շօղ­լու իր թիւրք­մեն պաշ­տօ­նակ­ցին հետ ալ քննար­կեց երկ­կող­մա­նի տնտե­սա­կան, ա­ռեւտ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Թուր­քիոյ, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն՝ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի, Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ Կուր­պան­կու­լի Պեր­տի­մու­հա­մէ­տո­վի մի­ջեւ նա­խա­տե­սուած գա­գա­թա­ժո­ղովն ալ կը ծրագ­րուի ի­րա­կա­նաց­նել յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րին, Աշ­խա­պա­տի մէ­ջ։

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2015