ԱՌԱՆՑ ԿՈՉԻ
Այս տարի, աշխարհատարած Ռամկավար կուսակցականներ կը պատրաստուին Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) նոր Կեդրոնական վարչութեան մը ընտրութեան։ Թաքցնելու ոչինչ կայ, որովհետեւ ՌԱԿ-ի շրջանակները արդէն կը պատրաստուին սոյն գործընթացին ամիսներէ ի վեր։ Թէ՝ ո՞վ կը յաւակնի կամ կը համարձակի գլխաւորել նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը, կամ իր մասնակցութիւնը բերել անոր ազգանուէր սպառիչ, ապերախտ եւ անգնահատելի աշխատանքներուն, առանց որեւէ վարձատրութեան ակնկալութեան, ըլլան անոնք գէթ՝ բարոյական կամ բանական, կարծենք, թէ հարթակը պատրաստ է այդ գաղափարախօսութեան զինուորագրեալներուն։
Ներկուսակցական գործունէութեան բեղմնաւորումը անպայման կը տարուբերի աշխարհի զանազան կուսակցական շրջանակներու կարելիութիւններէն կամ կարողութիւններէն, նկատի առնելով շրջանակներու բնակավայրերուն եւ տարածքաշրջանի քաղաքական եւ տնտեսական պայմանները։ Անշուշտ մասնաւորապէս կ՚ակնարկենք Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներուն ներկայ կարգավիճակին մասին, ուր կուսակցական գործունէութիւնները սահմանափակ են ուծացման աստիճանի հասած։
Սակայն՝ կուսակցական գործունէութիւններու ամլութեան եւ ջլատիչ չափանիշերու համահաւասար են նաեւ այլ բարեհաճոյ, երեւոյթներով զեղուն եւ գործունեայ բազմակոչ շրջանակներ, ուր անտարբերութիւնն ու կուսակցական վարքագիծն ու վարկը, շրջանակի մը կամ կարգ մը անհատներու քմահաճոյքին ենթակայ դարձած կրնայ ըլլալ։
Կրնանք հեշտօրէն քննադատել սոյն շրջանակները առանց նկատողութեան՝ ըստ կուսակցական կանոնագրերու թելադրանքներուն, սակայն արդեօք արդա՞ր է այդ քննադատութիւնը զգաստութեան եւ զգուշացման հրաւէրներով լեցուն… առանց քննարկման։ Սայթաքումի, ձախողութեան կամ անյաջողութեան հեշտագոյն այպանումի հեգնանքը կեանքի քաղաքական եւ մանաւանդ՝ ազգային ծառայութիւններու գործունէութիւններու ասպարէզին մէջ, ընդհանրապէս ուղղուած է հաստատութեան մը տնօրինութեան կամ վարչութեան, առանց որեւէ պարագայի նկատողութեան, ինչպէս նկարագրած էր Յակոբ Պարոնեան, Պոլսոյ մէջ վարժարանի մը հոգաբարձական կազմի հաստափոր անդամի մը քննադատութիւնը, ուղղուած…տնօրէնութեան։
Այստեղ՝ տեղին է նշել Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Ճոն Քենետիին նշանաւոր եւ պատմական խօսքը. «Հարց մի՛ տար հայրենիքիդ, թէ ան ի՞նչ կրնայ տալ քեզի, այլ հարցուր՝ ի՞նչ կրնամ տալ հայրենիքիս»։ Այլ դիտարկումով, միթէ համազօր թելադրանք չէ՞ սա, ուղղուած բոլոր, այո բոլոր քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ այլ զանազան գործունէութիւններ ծաւալող հաստատութիւններու անդամաներուն, որոնք կը զլանան իրենց նուիրեալ կամ վարձատու գործունէութիւնները, իրենց պատկանեալ հաստատութիւններուն եւ միութիւններուն եւ իրենց խրճիթներու կամ դղեակներու պատերուն մէջ մեկուսացած, մին՝ յուսահատիչ անտարբերութեամբ, իսկ միւսը՝ նպատակներ հետապնդող քննադատական ցուպը ձեռին, անխնայ կը շպրտեն իրենց քննադատութիւններն ու թելադրութիւնները աջ ու ձախ։
Առածը կ՚ըսէ, թէ՝ աշխատողը կը սխալի յաճախ, իսկ ամուլն ու սին՝ միշտ։
Սիրելի ընկերներ, իրօք ժամանակն է զգաստութեան, պահ մը ընկրկելու, անդրադառնալու եւ վերականգնելու Ռամկավար ազատական կուսակցութեան միահամուռ եւ միասլաց ճակատը։ ՌԱԿ-ի պանծալի անցեալի փառքն ու պատիւը, յարատեւօրէն եւ միշտ պահուած են իրենց արժանի պատուանդանին վրայ, շնորհիւ իր երէկուան եւ այսօրուան նուիրեալ ծառաներուն, որոնք տիւ եւ գիշեր, տակաւին ի գին իրենց նիւթական եւ բարոյական զոհաբերութեանց, չեն խնայած որեւէ ճիգ, կուսակցութեանս բարօրութեան ի նպաստ։
Սիրելի ընկեր եւ ընկերուհի, ինչպէ՞ս է ազգանուէր եւ կուսակցանուէր գործունէութեանց կարաւանի մասնակցութեան ձեր խոնարհ տրամադրութիւնը, թէ՝ կը նախընտրէք այն կարգ մը լուսանցքային դիտորդներուն կամ քննադատներուն կարգին մէջ մնալ։
Կեդրոնական վարչութիւնը, այսօր եւ վաղը, պիտի համախմբէ իր շուրջ անոնք, որոնք ի բանիւ եւ գործով լուրջ աշխատանք պիտի տանին կուսակցութեանս յառաջխաղացին համար։
Իսկ քննադատները, թող շարունակեն իրենց… քննադատութիւնները։
Խմբագրական «Նոր Օր»ի
Լոս Անճելըս