ԹԵՀՐԱՆ «ԽԱՂԻ ՕՐԷՆՔՆԵՐ» ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՊԷՅՈՒԹԻ ՄԷՋ
Լիբանանը ցնծաց… Քաղաքացիական պոռթկումը անցեալ շաբաթ արաբական աշխարհը յուզող կարեւորագոյն իրադարձութիւնն էր: Շաբաթ երեկոյեան սկիզբ առած եւ երկու օր տեւած բողոքի ցոյցերը արագօրէն կը վերածուէին բախումներու, որոնց արդիւնքով տասնեակ վիրաւորեալներ կը գրանցուէին ու քիչ կը մնար, որ իր գլուխէն փամփուշտ մը ստացած ցուցարար-քաղաքացին մահանար ու այդպէսով գրանցելով Պէյրութի «աղբի յեղափոխութեան» առաջին զոհը: Ուշագրաւ էր Վարչապետ Թամմամ Սալամի արտասանած խօսքը, որու ընթացքին ան դիպուկ խօսքով կը յայտարարէր, որ երկրին մէջ կուտակուած աղբը նախ եւ առաջ քաղաքական աղբ է: Անյայտ կողմերէ ցուցարարներուն վրայ տեղացած փամփուշտները նոր խաղի կանոններ կը թելադրէին: Ու այս համայնապատկերին վրայ քաղաքացիական աքթիւիսթները լաւապէս հասկնալով խաղին օրէնքները ետ կը քաշուէին եւ կը յայտարարէին, որ այս կացութեան դիմաց իրենք պատրաստ չեն իրավիճակը յաւելեալ բարդացումներու տանելու: Այսպիսի իրավիճակի մը մէջ քաղաքացիական աշխուժութիւնը տեղի կու տար եւ օրակարգը կը փոխադրուէր քաղաքական բեմահարթակ: Հոս տեղին է յիշեցնել, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆի շուրջ տասն օր առաջ Պէյրութ եւ ապա Դամասկոս տուած այցելութիւնները, որոնց ընթացքին դիւանագէտը բացայայտ կերպով կը յայտարարէր, թէ իրենք դէմ են Պէյրութին հակամարտութեան նոր օճախ մը դառնլուն: Նախարարին խօսքը յատկապէս ուղղուած էր նաեւ Լիբանանի քաղաքական կեանքի կարեւոր բաղկացուցիչներէն՝ զօրավար Միշէլ Աունին, որ մինչեւ իր ատամները «զինուելով» կը պատրաստուէր թեւերը սոթտել եւ իր համակիրներէն ու հետեւորդներէն պահանջել ամէն ինչ ձգել եւ փողոց իջնել:
Այս դէպքերուն ընդհանուր հանրագումարը արձանագրելով կարելի է հասկնալ, որ քաղաքացիական աքթիւիսթները, որոնք կը պատրաստուէին հարիւր հազար հոգինոց բողոքի ցոյց մը կազմակերպել, անզօր են զինեալ ուժ ունեցող եւ Թեհրանի թելադրանքներով շարժող կողմերուն «դէմ ելլել»:
Ուրեմն կրակոցները կը միտէին հանգստացնել գետինը եւ հեռու պահել Լիբանանը ընդհանուր բախումներու հաւանական բեմագրութիւններէն:
Իրանի համար ներկայ իրավիճակի պահպանումը մեծագոյն յաղթանակ կը համարուի, տրուած ըլլալով, որ Թեհրան յաջողած է քաղաքական իրավիճակը իր վերահսկողութեան տակ պահել ոչ միայն Պէյրութի, այլ նաեւ Պաղտատի մէջ: Իսկ Թեհրանի հանդիպակաց ճակատին՝ Ռիատի մօտ շփոթի որոշ նշաններ կան: Ռիատ Պէյրութի մէջ մատնուած է անկարողութեան, Պաղտատի մէջ՝ տեղքայլի ու Եէմէնի մէջ՝ պատերազմական մղձաւանջի: Ռիատի քաղաքական շրջանակներուն մէջ կարեւոր պիտի ըլլայ Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սըլման Պըն Ապտըլ Ազիզին յառաջիկայ Սեպտեմբերին (հաւանաբար Սեպտեմբերի 5-ին) Ուաշինկթըն տալիք այցելութիւնը: Հոն կրնայ նոր հանգրուան մը ուրուագծուիլ, հակառակ անոր, որ Միացեալ Նահանգներ չի պատրաստուիր շրջանին մէջ իր ունեցած կեցուածքները փոփոխութեան ենթարկել: Ուրեմն, Ռիատ դարձալ կրնայ «փակ պատերու» հանդիպիլ ու ա-նոր դէպի Մոսկուա ուղարկուած պատուիրակներուն բաւական «դառն» փորձառութենէն ետք Ուաշինկթընի հանդիպման արդիւնքները եթէ Ռիատի սրտով չըլլան, ապա սպասելի է, որ Ալ Սէուտ իշխող ընտանիքին քաղաքական որոշումի «ճարտարապետները» սկսին նոր լուծումներ որոնելու գործընթացի մը:
Ասկէ անդին Թեհրան աւելի խաղաղ կանոններով կը շարժի: Երկրի բաւական ինքնավստահ նախագահ Հասան Ռուհանի արտաքին ճակատի վրայ իր ունեցած ձեռնհաս մօտեցումներուն ու շահած կէտերէն ետք կը պատրաստուի դրական միաւորներ քաղել երկրին մէջ տեղի ունենալիք ՏԻՄ ընտրութիւններուն առընթեր:
Վերադառնալով պէյրութեան իրավիճակին, այսօր առանց երկմտանքի կարելի է ըսել, որ Լիբանանի քաղաքական որոշումը կը գտնուի Իրանի հետեւող ուժին՝ «Հիզպուլլահ»ին ձեռքը: Այս վիճակը բնականաբար կը հակասէ երկրի ինքնիշխանութեան ըմբռնման համար պայքարած քաղաքական ուժերուն, բայց յստակ ու բացորոշ է նաեւ, որ եթէ Լիբանանի մէջ ռուսական եւ յատկապէս ամերիկեան հովանաւորութեամբ գործող Թեհրանի ազդեցութիւնը չըլլար, ապա Պէյրութի կեդրոնական հատուածին մէջ այդքան պարզունակ եւ «քաղաքացիական խղճի» անունով փողոց իջած ցուցարարներուն բողոքի հաւաքները կրնային արագօրէն աճ գրանցելով ներհամայնքային կռիւներու վերածուիլ:
Եթէ Լիբանանի մէջ արգիլուած է նախքան Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումներու հանգրուան մըտ-նելը յստակ ու ձեւաչափուած լուծումներու մասին մտածելը, ապա «աղբի յեղափոխութեան» ընդհանուր պատկերին նայելով կարելի է առանց երկմտանքի ըսել ու հաստատել, թէ շրջանային ուժերը եւ յատկապէս Թեհրան ներկայ հանգրուանին մտադիր չեն Պէյրութը նոր բախումներու թատերաբեմ մը դարձնելու:
Տարբեր երկիրներու մէջ քաղաքացիական շարժումները կրնան օրակարգ թելադրող ըլլալ, բայց Լիբանանի պէս համայնքային դրութեամբ կառավարուող երկրի մը մէջ անոնք ենթակայ են սպառման, չըսելու համար քաղաքական շահարկման: Ու գաղտիք չէ, որ այդ դրութեան բարիքները վայելող քաղաքական ուժերուն համար տանելի չէ իշխելաձեւի փոփոխութիւն:
Այդ ուժերը համայնքներու «դրամագլուխ»ով կը սնանին եւ անոնց համար թիւ մէկ թշնամին քաղաքացիական առողջ միջավայրի մը ձեւաւորումն է:
Ինչ խօսք, որ այս ընդհանուր ծիրին մէջ երկու կարեւորագոյն դերակատարներ՝ Ռիատ եւ Թեհրան կը հաւատան ու կը տենչան, որ Լիբանան իր ներկայ դրութեամբ պէտք է ղեկավարուի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան