ԹՈՒՐՕՓԵՐԱԹԷՕՐՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլս մասնակցեցաւ Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն զբօսաշրջութեան ոլորտի գործիչներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած հանդիպման։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, զբօսաշրջական շրջագայութիւններու օփերաթէօրներու ցանց մը ձեւաւորուած է ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան «Կամուրջներ» ծրագրի շրջանակներէն ներս։ Այս ծրագրին նպատակն է զբօսաշրջութեան միջոցաւ ստեղծել միջսահմանային տնտեսական աշխուժութիւն մը։ Ցանցին կ՚անդամակցին տարածքաշրջանի ամենաաշխոյժ զբօսաշրջական կազմակերպութիւնները եւ անհատ գործիչներ։
«Հայ եւ թուրք օփերաթէօրներու ցանցը կը փորձէ իր անդամներուն հետ յաղթահարել միջսահմանային համագործակցութեան դժուարին խնդիրը», նշուած է Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ։ Նոյն առթիւ մատնանշուած է, որ այս համագործակցութեան ամենաարդիւնաւէտ խթաններէն մին կը հանդիսանան ընդհանուր գործարար շահերը։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ գործարարութիւնն ու շահերը յառաջ մղելու նպատակով այս ընկերակցութեան ծաւալած գործունէութիւնը արժանի կը համարուի լուրջ դրուատիքի։ Ներկայիս երկու երկիրներու թուրօփերաթէօրները արդէն իսկ կ՚առաջարկեն միջսահմանային շրջագայութիւններ։ Թրքական կողմի ներկայացուցիչները զբօսաշրջութեան կայացած բնագաւառ մը կը ներկայացնեն ու կը ձգտին աւելի բազմազան դարձնել դէպի Թուրքիա առաջարկուող աւանդական զբօսաշրջական թղթածրարները։ Հայ թուրօփերաթէօրները կը փորձեն ընդլայնել իրենց ներկայ հնարաւորութիւնները՝ առաջարկելով շրջագայութիւններ դէպի մէկէ աւելի երկիրներ։ Թուրօփերաթէօրներուն այս ցանցը կը դիւրացնէ միջսահմանային ճամբորդութիւններու շուրջ համագործակցութիւնը։
Նոյնպէս դեսպանատան հաղորդագրութեան համաձայն, միջսահմանային զբօսաշրջութիւնը կ՚ընդգծէ ինչպէս ընդհանրութիւնները, այնպէս ալ տարբերութիւնները։ Հայաստանն ու Թուրքիան ունին աւելի շատ ընդհանրութիւններ, քան կարելի է պատկերացնել. ինչպէս՝ միջավայր, պատմութիւն, մշակոյթի զանազան ոլորտներ։
ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտին հետ աշխատիլ սկսած է 2000 թուականին։ Կարեւորելով զբօսաշրջութեան բնագաւառի տնտեսական նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ միջսահմանային համագործակցութիւնը՝ Ռիչըրտ Միլս Երեւանի մէջ ներկայացուց իր տեսակէտները հայ եւ թուրք թուրօփերաթէօրներու ցանցի (TATON) հանդիպման ընթացքին։ Զբօսաշրջութեան բնագաւառի ներկայացուցիչները կը գործեն ընկերային ցանցերու միջոցաւ, իսկ պարբերաբար կազմակերպուած դէմ առ դէմ հանդիպումները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն բաժնելու մտահոգութիւնները եւ համաձայնեցնելու միասնական ճամբորդական առաջարկները։
2000 թուականին, երբ այս ցանցը սկսած էր նոր գործել, առաջին փուլին աշխատանքներ տարուած են ծառայութիւններու մատուցումը բարելաւելու եւ զբօսաշրջական ոլորտէն ներս ներուժ մը ձեւաւորելու ուղղութեամբ։ Հայաստանէ ներս շարունակուող «Կամուրջներ» ծրագրի շրջանակներէն ներս ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը համագործակցած է կարգ մը հասարակական կազմակերպութիւններու հետ, որոնք համբաւ ձեռք բերած են Հայաստանի պատմամշակութային վայրերէն ներս տեղադրուած տեղեկատուական վահանակներով։ Նախքան թուրօփերաթէօրներու ցանցին հիմնադրուիլը, «Կամուրջներ» ծրագիրը նպաստած է տեղացի գործընկերներուն ձեւաւորել Մետաքսի ճանապարհի Սեւ ծովեան միջանցքը Յունաստանի, Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ։