ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՄԵԾ ՏՕՆԸ
Այս շաբաթավերջին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ կը նշուի Օգոստոսի 30-ի Մեծ Յաղթանակի տօնը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ամբողջ երկիրը խոր երախտագիտութեամբ կը վերյիշէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքն ու իր զինակից ընկերները։ Մեծ Յաղթանակի տօնը վե-րածուած է նաեւ առիթի մը՝ թարմացնելու համար գիտակցութիւնը երկրի անանջատելի ամբողջականութեան եւ ազգային միասնականութեան ուղղութեամբ։
Դժբախտաբար, Մեծ Յաղթանակի տօնը այս տարի կը նշուի ահաբեկչական յարձակումներով պայմանաւորուած յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։ Ժողովուրդը սուգ կը պահէ նահատակներուն համար, ինչ որ կ՚անդրադառնայ տօնական տրամադրութեան եւ մթնոլորտին վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ պետական աւագանին շնորհաւորականներ հրապարակած է Օգոստոսի 30-ին առթիւ։
Միւս կողմէ, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի ստորագրութեամբ հրապարակուած շրջաբերական մըն ալ լոյս տեսած է պաշտօնաթերթին մէջ։ Այսպէս, վաղը, վերջին ահաբեկչական դէպքերուն բերումով տօնակատարութիւնները պիտի ընթանան մի միայն ծաղկեպսակներու զետեղման եւ շնորհաւորութիւններու փոխանցման ձեւաչափին մէջ։ Խրախճանքներու, համերգներու եւ այլ զուարճալի տօնախմբութիւններու կատարուիլը յարմար չէ դատուած կառավարութեան կողմէ։