ՆՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Փարիզի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնել՝ պաշարեալ Արցախի պարագային ստեղծուած մարդասիրական աննկարագրելի տագնապը, որ հետզհետէ կ՚ահագնանայ։ Երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Լաչինի միջանցքի պարագային ստեղծուած իրավիճակը յառաջիկայ օրերուն պիտի քննարկէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Էլիզէի պալատի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ֆրանսական կողմը կը պատրաստուի դիւանագիտական նոր նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորելու առաջադրութեամբ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախագահ Մաքրոն Ֆրանսայի դեսպաններու խորհրդաժողովին ժամանակ անդրադարձաւ այս հարցին։ «Այս շաբաթ ես կը խօսիմ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Մենք պիտի պահանջենք Լաչինի մարդասիրական միջանցքին վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններու լիարժէք ապահովումը, կենսագործունէութեան պայմանները։ Այս ուղղութեամբ մենք միջազգային մակարդակով կրկին հանդէս պիտի գանք դիւանագիտական նախաձեռնութեամբ՝ նպատակ ունենալով ուժեղացնել ճնշումը», ըսաւ Մաքրոն դեսպանահաւաքին ժամանակ։
Մինչ այդ, Պաքուի իշխանութիւններն ալ անմիջապէս արձագանգեցին Փարիզէն հնչած այս յայտարարութիւններուն։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալիխան Հաճիզատէ յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահի ճնշումներու լեզուով խօսիլը անընդունելի է։ Բանբերին խօսքով՝ Մաքրոնի արտայայտութիւնները կեղծ պատկերացումներու տեղի կու տան տարածաշրջանէն ներս ստեղծուած իրավիճակին մասին ու միակողմանիօրէն կը պաշտպանեն Հայաստանը, ինչ որ կը վնասէ խաղաղութեան գործընթացը։
«Անհասկնալի է, թէ Ֆրանսա ինչո՞ւ չդատապարտեց Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի 30 տարուան բռնագրաւումը եւ բռնութիւնը, չմեկնաբանեց բռնագրաւման հետեւանքով շուրջ 1 միլիոն փախստականներու եւ հարկադիր վերաբնակներու մարդասիրական իրավիճակը եւ այժմ կը դատապարտէ 2020 թուականի 44-օրեայ հայրենական պատերազմը, որու ընթացքին Ատրպէյճան ազատագրած է իր հողերը՝ համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն», յայտնեց Հաճիզատէ։
Բաց աստի, բանբերը անընդունելի որակեց Մաքրոնի ճնշման լեզուով խօսիլը եւ բառապաշարին մէջ «Լաչինի մարդասիրական միջանցք» բանաձեւումին տեղ գտնելը։ «Սա անարգալից վերաբերմունք է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ», նշեց ան։