ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷԻՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈՒԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ նո­րըն­տիր պատ­րիարք Գրի­գոր-Պետ­րոս Ի. Կապ­րո­յեան այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Սա իր գա­հա­կա­լու­թեան շրջա­նի ա­ռա­ջին ու­ղե­ւո­րու­թիւնն է դէ­պի Հա­յաս­տան՝ զու­գա­դի­պած Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի սրբա­զան ա­րա­րո­ղու­թեան։ Նո­րըն­տիր պատ­րիար­քը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ։ Այս­պէս, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ա­ռըն­թեր ան տե­սակ­ցե­ցաւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի հետ։

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ նո­րըն­տիր պատ­րիար­քը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն-­կալուե­ցաւ նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Գրի­գոր-Պետ­րոս Ի. Պատ­րիար­քի ընտ­րու­թեան եւ գա­հա­կա­լու­թեան առ­թիւ՝ մաղ­թե­լով ար­գա­սա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը գնա­հա­տան­քով ընդգ­ծեց, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Հա­յա­ստա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վե­րելք կ՚ապ­րին ու կը յատ­կան­շուին սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Իր կար­գին, Գրի­գոր-Պետ­րոս  Ի. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց՝ իր ընտ­րու­թեան առ­թիւ յղուած շնոր­հա­ւո­րա­կան պատ­գա­մին եւ մաղ­թանք­նե­րուն հա­մար։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան ան ընդգ­ծեց, որ պի­տի ջա­նայ ու­ժե­րուն նե­րած չա­փով իր հո­գե­ւոր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ծա­ռա­յեց­նել ի շահ իր հօ­տին, ինչ­պէս նաեւ զօ­րաց­նել յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ հետ։

Միւս կող­մէ, նո­րըն­տիր պատ­րիար­քը Կիւմ­րիի մէջ նա­խա­գա­հեց Սրբոց Նա­հա­տա­կաց նո­րա­կա­ռոյց Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։ Հարկ է նշել, որ ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Հա-յաստանի Նա­խա­գահ Սերժ Սար-գը­սեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2015