ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ… ՀԵՌԱՑՈՒՄ

Արցախէն հայոց տարհանումը կը շարունակուի։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու, այս առաւօտ ժամը 06.00-ի դրութեամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան փոխադրուած է 84 հազար 770 հոգի։ Վիճակագրութիւնը հաստատուեցաւ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ։ Սա, անշուշտ, թիւն է այն մարդոց, որոնք արձանագրուած են։ Պաշտօնական մարմինները էապէս կարեւորութիւն կ՚ընծայեն գաղթականներու արձանագրութեան հարցին նկատմամբ, որովհետեւ ապագային անոնց համար նախատեսուած օժանդակութիւններուն հաշուարկները այդ ձեւով ա՛լ աւելի առողջ պիտի կատարուին։ Տեղահանուածները, հասկնալիօրէն, շատ ծանր պայմաններու ներքեւ կը հասնին Հայաստան՝ մանաւանդ օրեր տեւած դժուարին սպասումէ վերջ։ Հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ, որ Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնը արդէն մտած է Ստեփանակերտ, որու փողոցներուն մէջ նկարահանուած են անոր ինքնաշարժները։ Համապատասխան տեսանիւթերը ընկերային ցանցերու վրայ ալ մտած են շրջանառութեան մէջ։

Երէկ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի շրջանային նախագահ Տէօնիս Ֆրանսիս կոչ ուղղեց Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ պահպանել միջազգային մարդասիրական իրաւունքը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մէջ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սեմենթա Փաուէրն ալ յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է մշտապէս բաց մնայ քաղաքացիներու տեղաշարժին ու մարդասիրական կազմակերպութիւններուն համար։ Միեւնոյն ժամանակ, ան տեղեկացուց, որ ԱՄՆ Հարաւային Կովկասի մէջ պիտի տեղակայէ՝ աղէտներու արձագանգման խումբ մը։ Ծանօթ է, որ Փաուէր վերջին օրերուն շփումներ ունեցած էր Հայաստանի մէջ՝ իր հետն ունենալով ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալի պաշտօնակատար Քիմ Եանկի, որ աւելի վերջ այցելեց նաեւ Պաքու։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըրն ալ տեղեկացուց, որ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն ճնշում բանեցուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վրայ՝ միջազգային առաքելութեան աջակցութիւն ցուցաբերելու պահանջով։ Ուաշինկթըն լուրջ տրամադրուած է դէպի Լեռնային Ղարաբաղ դիտորդական առաքելութիւն մը ուղարկելու առումով եւ այս ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տանի։

Մոսկուա կը շարունակէ վերապահութեամբ դիտարկել Արցախէն տարհանումը։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ պնդեց, որ ուղղակի պատճառ չկայ Լեռնային Ղարաբաղէն հայերու զանգուածային գաղթին համար։ Բաց աստի, Փեսքով մեկնաբանեց Արցախի Հանրապետութեան լուծարման վերաբերեալ հրամանագիրը։ Իր խօսքով՝ Ռուսաստան իրավիճակին ուշադիր կը հետեւի, բնականաբար, առաջին հերթին մարդասիրական երեսակին կեդրոնանալով, ինչ որ ամենակարեւորն էր։

Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ կը շարունակէ իր նախաձեռնութիւնները՝ տարհանեալ Արցախի հայերուն առաւելագոյնը ապահովելու համար։ Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Լէօ Տոքերթիի հետ՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական յարձակման հետեւանքներուն։ Իր կարգին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ վերջին օրերուն Պերլինի մէջ շփումներ ունեցաւ Գերմանիոյ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան եւս անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ տարհանեալներու հիմնախնդրին։ Հարկ է յիշեցնել, որ Արմէն Գրիգորեան Պերլին անցած էր՝ Պրիւքսելի մէջ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւի հետ բանակցութիւններ վարելէ վերջ։

«Reuters» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պաքու ունի Լեռնային Ղարաբաղի հայ գործիչներու՝ 200 հոգիէ բաղկացեալ ցուցակ մը ու կը ձգտի ձերբակալել այդ դէմքերը։ Մինչ այդ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն կոչ ուղղուեցաւ՝ չհեռանալ եւ վերահամարկիլ երկրին։ Նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Ամիրպեկովն ալ յայտնեց, որ Ատրպէյճանէն հեռացած հայերը կրնան վերադառնալ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ Պաքու սկսած է արձանագրել Լեռնային Ղարաբաղի հայերը՝ անոնց իրաւական կարգավիճակը սահմանելու համար։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2023