ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանին։ Ան համոզուած է, թէ Ղարաբաղի բռնագրաւումէ ազատումը շատ կարեւոր է տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման տեսակէտէ։ Էրտողան հաւաստիացուցած է, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ աջակցիլ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղեալ ջանքերուն։
Նախագահ Էրտողան երէկ այս յայտարարութիւնները ըրաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովէն առաջ։ Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ նիստը, որ տեւեց երեք ժամ։ Նախագահ Էրտողանի գլխաւորած ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ պաշտօնական զեկոյց մը, որու մէջ շեշտուեցաւ, որ Հարաւային Կովկասէ ներս մշտական խաղաղութեան ճանապարհը կ՚անցնի միայն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան անվերապահ հաստատումէն։ Ըստ զեկոյցին, տարածաշրջանի բոլոր երկիրները պէտք է յարգեն իրենց պայմանագրերով ստանձնուած պարտաւորութիւնները, ինչ որ պիտի նպաստէ բարգաւաճման։ Խորհուրդը այս հանգամանքը յիշեցուցած է բոլոր կողմերուն՝ Հայաստանի գլխաւորութեամբ։ «Թուրքիա պիտի շարունակէ խրախուսել՝ տարածաշրջանէն ներս մշտական խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղեալ ջանքերը», շեշտուած է զեկոյցին մէջ։
Միւս կողմէ, թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մէջ զանազան մեկնաբաններ կը շարունակեն արծարծել Զանգեզուրի միջանցքի բացման հարցը։