ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԳՐՈՒԱԾ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐԸ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆ ՑՈՒՆԱՄԻԻ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Իսթանպուլի մէջ այս օրերուն կը տիրէ խստաշունչ եղանակ։ Քաղաքը ազդեցութեան տակ է սաստիկ փոթորիկի մը, որուն վրայ կը հասնի նաեւ տեղատարափը։ Այս բոլորը բաւական կը դժուարացնեն առօրեան, նաեւ պատճառ կը դառնան որոշ վտանգի։

Երէկ, ընկերային ցանցերու վրայ՝ թրքահայ համայնքի անդամներու ուշադրութեան առարկայ հաշիւներուն մէջ լայն շրջանառութիւն գտան նաեւ Գնալը կղզիի մէջ տեսագրուած դրուագները։ Թէեւ ներկայ եղանակին կղզիի կեանքը ամայացած է, սակայն, ծանօթ է, որ մեր համայնքէն շատ սահմանափակ թիւով անձեր ձմեռն ալ կը բնակին այնտեղ։ Լողաւազանի եւ Ջրային մարզաձեւերու ակումբի համալիրը, որ բաւական անպաշտպան կէտի մը վրայ կը գտնուի, առաւել չափով ազդուած է փոթորիկէն։ Այնտեղէն հասած դրուագները կը ստեղծեն ցունամիի մը տպաւորութիւնը։

Կը հաղորդուի, որ սաստիկ ալիքները վնաս հասցուցած են նաեւ կղզիի ամբողջ ծովեզերքին։ Լողափներու մերձակայ մայթերը եւ նաւամատոյցներու յարակից մեծ քարերը ազդուած են անոնցմէ։ Յամենայնդէպս, առափնեայ բնակարաններն ալ անկարելի է, որ զերծ մնացած ըլլան այս բոլորէն։ Այս առաւօտ «Ճաշ»ի սեփականատէր Տայք Միրիճանեան մեզի յայտնեց, որ թէեւ կղզի հասնելու հնարաւորութիւն չունի, սակայն, առցանց տեսախցիկներէն պարզած է, թէ իր ճաշարանը լուրջ վնաս կրած է։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2023