ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՆՍԱՄՊԼԸ ԿԸ ՆՇԷ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 65-ԱՄԵԱԿԸ
Հայաստանի Պարի պետական անսամպլը կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 65-ամեակը։ Այս յոբելեանը կը բնորոշուի Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս նախատեսուած փառաշուք ձեռնարկով, որ տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբերի 28-ին։ Համոյթը 1958 թուականին հիմնուած է Կէորկի Ասատրեանի, Էտուարտ Մանուկեանի եւ Խաչատուր Աւետիսեանի նախաձեռնութեամբ՝ նպատակ ունենալով պահպանել հայկական ժողովրդական պարի բազմադարեայ ժառանգութիւնն ու աւանդութիւնները, բազմապատկել այդ բոլորը եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն։
65-ամեակին առթիւ ծրագրուած ձեռնարկը ամբողջութեամբ պիտի ցոլացնէ Պարի պետականի բոլորած փառապանծ ուղին։ Անցեալ տասնամեակներու լաւագոյն բեմադրութիւնները պիտի ներկայացուին Օփերայի բեմին վրայ։ Գեղարուեստասէրները ականատես պիտի դառնան նոր ստեղծագործական մօտեցման, բեմի վրայ նոր ձեռագրի, պիտի անդրադառնան հինին՝ մինչ պիտի կատարուին նաեւ արդէն պատմական դարձած լաւագոյն գործերը՝ «Բերդ»ը, «Սարդարապատ»ը, «Էնզելի»ն, «Կակաչներ»ը։
Յոբելեանին առթիւ փռուելիք կարմիր գորգը միայն խորհրդանշան մը պիտի չըլլայ, որովհետեւ լուսային եւ ձայնային նոր էֆեքթները, ժամանակակից մօտեցումներն ու նոր պաստառները եւ ընդհանրապէս ծաւալուն ձեռնարկը պիտի գան ապացուցանել, որ արդէն առասպելական դարձած այս համոյթը տակաւին կենսունակ է։
Շուրջ հազար հանդիսատեսի մասնակցութիւնը կը նախատեսուի այս երեկոյթին, որուն հրաւիրուած պիտի ըլլան նաեւ պետական եւ հանրային դէմքեր, պարարուեստի նուիրեալներ եւ այլն։
Տարեմուտի տօներու ընդհանուր տրամադրութեան մէջ պիտի նշուի Պարի պետականին յոբելեանը՝ մինչ 65-ամեակի այս յատուկ ձեռնարկը պիտի բեմադրուի՝ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Արամ Սուքիասեանի մականին ներքեւ։ Յայտագրի երաժշտական մասը պիտի ղեկավարէ Հայկ Գրիգորեան։ Ասատուր եւ Աննա Քալաշեանները պիտի վերահսկեն պարերու բաժինները։
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Պարի պետական անսամպլը հարազատ է նաեւ պոլսահայ գեղարուեստասէրներուն՝ մանաւանդ, որ ատեն-ատեն Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթն ալ անոր հետ կը համագործակցի իր ելոյթներուն համար։