Կիրակի 29, Յունիս 2025
ԱՐՄԷՆ ԵՒ ՆՈՒՆԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՄՈԼԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՌԱԲԼՈՒՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան երէկ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելեցին՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ։ Այս առթիւ Սարգսեան ամոլը յարգանքի տուրք մատուցեց՝ Արցախի պատերազմին իրենց կեանքը հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհաբերած հերոսներու յիշատակին նկատմամբ։
Արմէն եւ Նունէ Սարգսեանները ծաղիկներ թողուցին նահատակներու շիրիմներուն եւ յարգանքի լռութեամբ իրենց խոնարհումը բերին հերոսներու անմահ յիշատակին առջեւ։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2021