ԻՋՆԵԼ ԱՄՕԹԻ ԾԱՌԷՆ
Կազզէի պատերազմը արդէն շուրջ երեք ամիսէ ի վեր ընթացքի մէջ է։ Միշտ օրակարգի վրայ է նաեւ այն հարցումը, թէ արդեօք Իսրայէլ դէպի նահա՞նջ կ՚ընթանայ։
Արաբական զանազան աղբիւրներ վերջին օրերուն գրեցին, որ Կազզէի պատերազմին խնդրով բաւական լուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Այս ուղղութեամբ կարեւորագոյն դեր ստանձնած է Եգիպտոսը, որ այս գործին մղուած է դառնալով անկիւնաքար՝ մէկ կողմէ Քաթարի եւ Պաղեստինի խմբաւորումներուն (յատկապէս «Համաս»ին), իսկ միւս կողմէ ալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ։ Նոյն աղբիւրները, որոնք այդքան ալ լաւատես չեն բանակցութիւններու յստակ արդիւնքի մը հասնելուն առումով, աշխոյժ կերպով կը վերլուծեն ԱՄՆ-ի կողմէ Իսրայէլի վրայ բաւական տարողունակ ճնշումներու գործադրումը։
Չմոռնանք, որ Կազզէի ներկայ պատերազմը շուրջ երեք ամիսէ ի վեր կը շարունակուի եւ զոհերու թիւը կը հաշուըւի տասնեակ հազարներով։ Քաղաքի առկայ քաոսը հետզհետէ աւելի ծանր բեռ մը կը դառնայ Ուաշինկթընին ու յատկապէս՝ Սպիտակ տան ղեկը ստանձնած Դեմոկրատական կուսակցութեան ուսերուն։ Գաղտնիք չէ, որ ԱՄՆ կը պատրաստուի նախագահական ընտրութիւններու։ Նախընտրական փուլ մուտք գործելէ առաջ, գետնի վրայ որեւէ իրադարձութիւն կրնայ ժխտական ազդեցութիւն մը գործել ընտրական մեծ գործընթացներուն վրայ ու կերպով մըն ալ պայմանաւորել՝ ընտրազանգուածներու ընդհանուր տրամադրութիւնը։ Այստեղ հարկ է հաշուի առնել, որ թէ՛ ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտընի եւ թէ յատկապէս՝ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիյահուի մեծ սխալները լուրջ դեր կը խաղան։
Թէ ինչո՞ւ… Նախ անոր համար, որ Թել Աւիւ շատ ինքնավստահ մտաւ այս պատերազմին մէջ՝ հաւատալով ու իր հիմնական գործընկեր Ուաշինկթընն ալ հաւաստիացնելով, որ «Համաս»ի խնդիրը ընդամէնը շաբաթներու ընթացքին կը լուծուի։ Սակայն, իրականութիւնը այդպէս չեղաւ։ Իսրայէլ գործի դրաւ պատերազմական իր հերթական ռազմավարութիւնը, աւերակներու կոյտի մը վերածեց ամբողջ Կազզէն։ Ան կ՚ենթադրէր, թէ այդ ծանրագոյն հարուածներէն ետք «Համաս» պիտի տկարանայ ու պիտի քաշուի անկիւն մը, իսկ Իսրայէլի բանակի ջոկատները ցամաքային գործողութեամբ մը պիտի կարողանային շատ արագ կերպով լուծել «Համաս»ի խնդիրը։ Յամենայնդէպս, ճիշդ հակառակը պատահեցաւ։ Ըստ վերջին կարգ մը լուրերուն, այս փուլին Իսրայէլ հետամուտ է հրադադար մը խլելու, մինչդեռ «Համաս» ճիշդ հակառակը կ՚ընէ։ Ըստ երեւոյթին, ան ո՛չ միայն պատրաստ չէ Իսրայէլի պայմաններով հրադադարի մը երթալու, այլեւ սեղանին վրայ դրած է իր իսկ պայմանները։ «Համաս» կը յայտարարէ, որ հրադադար պիտի չհաստատուի՝ այնքան ժամանակ, որ Իսրայէլ չդադրեցնէ կրակը եւ իր բանակի ջոկատները արագօրէն դուրս չբերէ Կազզէէն։
Այս մօտեցումին դիմաց, Նեթանիյահու քաղաքական առումով բաւականին երազային պայմաններու լեզուով կը խօսի։ Ան նկատել կու տայ, որ Իսրայէլ այս պատերազմին մէջ մտած է՝ հասնելու համար վերջնական նպատակի մը, որն է «Համաս»ի չէզոքացումը կամ վախճանը։
Ըստ երեւոյթին, երկու կողմերն ալ պատրաստ չեն դրական քայլեր առնելու։ Հետեւաբար, բանակցութիւններու ճամբով հրադադարի մը հասնելու մասին խօսակցութիւնները տակաւին շատ հեռու են իրականութիւն դառնալէ։ Երկու կողմերն ալ կը մասնակցին անուղղակի բանակցութիւններու, որովհետեւ ստիպուած են իրենց հասարակութիւններուն ցոյց տալ, թէ պատրաստ են մեծ զոհողութիւններու. օրինակ՝ յանուն գերիներու խնդրի լուծման։
Այս առումով «Համաս»ի բաղդատմամբ Իսրայէլի իրադրութիւնը աւելի բարդ է։ Իսրայէլի մէջ հասարակութիւնը շատ մարտական տրամադրուած է Նեթանիյահուի եւ անոր կառավարութեան դէմ։ Արդէն նկատելի է, որ հասարակութեան կարեւոր մասը այս օրերուն թիկունք կը կանգնի՝ Իսրայէլի գերիներու փողոց իջած ծնողներուն, որոնց պահանջները կը նոյնացնէ նաեւ երկրի ընդդիմութեան պահանջներուն հետ։ Ընդդիմութիւնը, որ ներքին կանոններով կը շարունակէ այս բարդ ժամանակները անցընել, արդէն կը հաւատայ, թէ պատերազմի աւարտին հիմնական շահառուն ինք պիտի ըլլայ եւ ի վերջոյ պիտի կարողանայ Նեթանիյահուն իշխանութենէն դուրս նետել։ Ուստի, ընդդիմութիւնը խաղին կը մասնակցի բաւական հանգիստ քայլերով ու կը փորձէ այս փուլին ներքին վիճակի մէջ նոր լարումներու տուն տալ։
Վերադառնալով քաղաքական հարթութիւն, անշուշտ, յստակ է, որ Նեթանիյահու կը շարունակէ իր հին-նոր խաղը եւ առիթ կու տայ ենթադրութիւններու, թէ ինք ու իր գլխաւորած կառավարութիւնը յայտնուած են բաւական բարդ իրավիճակի մը մէջ։ Այս վարկածին հիմնաւոր կէտն է, որ Նեթանիյահու կը շարունակէ առաւելապաշտ մօտեցումներով հանդէս գալ՝ մինչ իր բանակի զինուորները շարունակ կը զոհուին, աւելին՝ բանակի կարգ մը զօրամիաւորումները, օրինակ՝ մարտունակութեան հոմանիշ հանդիսացած «Կոլանի» ջոկատը, ստիպուած կ՚ըլլան կարգ մը կարգադրութիւններու կամ վերադասաւորումներու համար դուրս գալ Կազզէէն։
Ճիշդ է, որ այս պատերազմի աւարտին Իսրայէլի բանակը մահկանացուն պիտի չկնքէ, բայց եւ այնպէս, անոր կորուստները աննախադէպ են ու ինչ-ինչ պայմաններու տակ պատերազմէն վերադարձած զինուորներուն պատմածները լուրջ մտորումներու պատճառ պիտի հանդիսանան։
Հարկ է յիշեցնել, որ Իսրայէլի բանակէն զինուոր մը ելոյթ ունեցած է երկրի խորհրդարանին՝ Քընեսէթի առջեւ, ուր ցաւով պատմած է իր տեսած-ապրածները։ Ան նշած է, որ իրեն համար գիշերային քունը սկսած է դառնալ անկարելի, մղձաւանջներ կը տեսնէ, տակը կը միզէ եւ ահ ու սարսափի մատնուած է։ Փաստացի այս խոստովանութիւնը՝ Իսրայէլի նման պետութեան մը համար ո՛չ միայն աննախընթաց է, այլեւ՝ բաւական մտահոգիչ։ Արդարեւ, երբ զինուոր մը նման բաց յայտարարութիւններ կ՚ընէ, հապա ի՞նչ կրնայ ակնկալուիլ այն վիրաւոր զինուորներէն, որոնք այս պահուն կը բուժուին հիւանդանոցներու մէջ։ Ի դէպ, Իսրայէլի բանակի ցամաքային յարձակման հետեւանքով զոհերու թիւին շուրջ պաշտօնական եւ անպաշտօն տուեալները բացարձակապէս իրարու չեն համապատասխաներ։
Քաղաքական հարթութեան վրայ, անշուշտ, անուշադրութեան չմատնուեցաւ նաեւ Նեթանիյահուի յայտարարութիւնը, որ յօդուածի ձեւաչափով լոյս տեսաւ «The Wall Street Journal»ի մէջ։ Ան երեք պայման կը նշէր Կազզէի մէջ խաղաղութեան համար։
Նեթանիյահու ըսած էր, որ Պաղեստինի «Համաս» շարժումը պէտք է ոչնչացուի, Կազզէի հատուածը պէտք է ապազինուի, իսկ Պաղեստինի հասարակութիւնը պէտք է ապաարմատականացուի՝ համընդհանուր խաղաղութեան հասնելու համար։ «Դպրոցները երեխաներուն պէտք է սորվեցնեն՝ կեանքը մահէն վեր դասել, իսկ իմամները պէտք է դադրին քարոզել հրեաներու սպանութիւնը: Պաղեստինի քաղաքացիական հասարակութիւնը պէտք է այնպէս մը փոխակերպուի, որ մարդիկ սկսին աջակցիլ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, այլ ո՛չ թէ անոր գանձատրման», գրած էր Նեթանիյահու։ Այս գաղափարները մէկ կողմ, բայց եւ այնպէս, Նեթանիյահուի խօսքին արժանահաւատութիւնը այլ նժարի մը վրայ՝ մանաւանդ, որ ան լուրջ տարաձայնութիւններ ունի նոյնիսկ Իսրայէլի հասարակութեան զանազան խաւերուն հետ։
Այստեղ եւս կը ծագի հարցում մը. այս իրավիճակին մէջ եւ ի տես Իսրայէլի բանակի կրած ծանրագոյն հարուածներուն՝ Նեթանիյահու ի՞նչ ուժով կը խօսի պատերազմը մինչեւ իր վերջնական նպատակին տանելու եւ «Համաս»ը վերջացնելու մասին՝ մինչ իր վարչակարգը ոգի ի բռին կը պայքարի «Համաս»էն խլելու համար հրադադարի քարտը։ Ամէն պարագայի, ներկայ տարեմուտին տակաւին շատ բան աղօտ է։ Յաջորդ շաբաթներուն կարգ մը հանգամանքներ կրնան յստականալ, սակայն, բան մը արդէն յստակ է, որ Իսրայէլ կը դիմագրաւէ ռազմավարական նահանջ մը, որու ընդհանուր խորագիրն է՝ «արագօրէն վար իջնել ամօթի ծառէն», որու անունն է Կազզէն հիմնայատակ քանդելու ծրագիր-պատերազմ։
«ՀԱՄԱՍ»Ի ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Կազզէի պատերազմով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ, Իսրայէլ երէկ յարձակում մը իրականացուց Լիբանանէն ներս։ Այսպէս, Իսրայէլի բանակը անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորեց «Համաս»ի գրասենեակը, որ կը գտնուի Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն մէկուն մէջ։ Այդ գրասենեակը ծանօթ է՝ որպէս «Համաս»ի բերդը։
Յարձակման հետեւանքով 6 հոգի զոհուեցաւ, 11 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Զոհերու շարքին է «Համաս»ի ղեկավարներէն մին՝ շարժման քաղաքական գրասենեակի տեղակալը՝ Սալիհ էլ Արուրի։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Լիբանանի վարչապետ Նեճիփ Միքաթի եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս յարձակումէն վերջ Իսրայէլի դէմ գանգատ յայտնեցին ՄԱԿ-ին։ Բաց աստի, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կոչ ուղղեց, որպէսզի տարածաշրջանի բոլոր կողմերը առաւելագոյն զսպուածութիւն դրսեւորեն եւ լարուածութիւնը նուազեցնեն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան