ՄԱՀ՝ ՌՈՒՍԱՀԱՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ ՈՒ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ԿԷՈՐԿԻ ՏԷՐ-ՂԱԶԱՐԵԱՆՑԻ
Այս տարեմուտին Մոսկուայի մէջ մահացած է ռուսահայ համայնքի տիրական եւ խորհրդանշական դէմքերէն մին, որ կը վայելէր յարգանք ու կը դասուէր ռուսահայ հեղինակաւոր գործիչներու շարքին։ Այսպէս, դեկտեմբերի 31-ի գիշերը՝ Ամանորէն ժամեր անց, Կէորկի Տէր-Ղազարեանցի անշունչ մարմինը բնակարանին մէջ յայտնաբերուած է իր 61-ամեայ դստրեր կողմէ։
Այսպէս, Կէորկի Տէր-Ղազարեանց, որ 100 տարեկանին հեռացած է կեանքէն, եղած էր դիւանագէտ Խորհրդային ժամանակաշրջանին։ Մոսկուայի Եաքիմանքա թաղամասի Մալայա Փոլիանքա փողոցին մէջ կը գտնուէր իր բնակարանը, ուր յայտնաբերուած է անոր դին։ Կը հաղորդուի, որ դիակին վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած։ Սկզբնական տուեալներով՝ մահուան պատճառը եղած է սրտի կաթուածը։
Կէորկի Արտաշէսի Տէր-Ղազարեանց ծնած էր 10 մարտ 1923 թուականին, Պաքուի մէջ։ Ան մասնակցած էր Բ. աշխարհամարտին։ 1950 թուականէն սկսեալ նախկին Խորհրդային Միութեան համայնավարական համակարգէն ներս ստանձնած է զանազան պաշտօններ՝ որպէս բարձրաստիճան դիւանակալ եւ քաղաքական գործիչ։ 1973 թուականէն սկսեալ դիւանագիտական բարձրաստիճան պաշտօններ վարած է՝ ըլլալով Խորհրդային Միութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը Կամպիայի, Սենեկալի եւ Զիմպապուէի մէջ։
Պետական գործունէութեան առընթեր, Կէորկի Տէր-Ղազարեանց Հայաստանի անկախութեան շրջանին եւս ազդու գործունէութիւն կը ծաւալէր՝ որպէս ռուսահայ համայնքի հեղինակաւոր ու փորձառու գործիչ։ Այս ամբողջին մէջ ան կը համագործակցէր նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմին հետ։