Շաբաթ 28, Յունիս 2025
ԷՐՏՈՂԱՆ-ՊԱՐԶԱՆԻ ԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանին։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պեշթեփէի համալիրէն ներս։ Պաշտօնական աղբիւրները զրոյցի բովանդակութեան կապակցութեամբ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած։
Հինգշաբթի, Փետրուար 3, 2022