ՆՈՐ ԿԼԻՄԱՅԻ ՄԷՋ

Երէկ, շուրջ երկուքուկէս տարուայ ընդհատումէ մը վերջ վերսկսան Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները։ Թուրքիայէն «Pegasus» եւ Հայաստանէն «Fly One Armenia» ընկերութիւնները կ՚իրականացնեն չուերթները՝ երկու երկիրներու քաղաքացիական օդագնացութեան պատկան մարմիններուն կողմէ փոխադարձ թոյլտուութիւնով։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ լրատուամիջոցներն ալ երէկ կարեւոր տեղ յատկացուցին այս իրադարձութեան։ «Pegasus»ի սաւառնակը երէկ ժամը 23.35-ին թռիչք առաւ «Սապիհա Կէօքչէն»էն ու շուրջ երկու ժամ վերջ վայրէջք կատարեց Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը 99 ուղեւորով։ Իսկ «Fly One Armenia»ի սաւառնակը նոյն օդակայանէն թռիչք առնելով ժամը 19.40-ին վայրէջք կատարեց Իսթանպուլի օդակայանը՝ 64 ուղեւորով։

Հարկ է նշել, որ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն ներս, «Fly One Armenia»ի թռիչքէն առաջ, ուղեւորներու արձանագրութեան բաժնին մօտ մասնաւոր ցուցահանդէս մը կազմակերպուած էր այս առաջին թռիչքին առթիւ։ Այսպէս, «Իսթանպուլի աչքը» խորագրով ներկայացուեցան անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի գործերը։

Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսումը կ՚իրականանայ քաղաքական նոր կլիմայի մը պայմաններուն ներքեւ։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման համայնապատկերին վրայ մեծ իմաստ կը վերագրուի այս նոր մեկնարկին։ Թրքական բոլոր լրատուամիջոցներն ալ այս բոլորին արձագանգ կը հանդիսանան համապատասխան շեշտադրումով՝ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ նախատեսուած կարգաւորման հեռանկարներուն զուգահեռ։

Այս մթնոլորտին մէջ երէկ Երեւանէն ալ հերթական անգամ դրական պատգամներ հասցէագրուեցան Անգարային։ Այսպէս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Երեւանի մէջ Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկի հետ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խօսեցաւ այս կապակցութեամբ։ «Հայաստան կրնայ նաեւ մասնակցիլ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին, ես այստեղ խնդիր չեմ տեսներ, դրական երանգներ հաղորդելէ զատ այլ բան չկայ», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 3, 2022