ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՊԱՇԱՐՄԱՆ ՄԷՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿ

Գանատայի «The Hill Times» թերթը ծաւալուն յօդուած մը հրատարակեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման եւ այդ պաշարման հետեւանքով այնտեղ ստեղծուած իրավիճակին մասին։ Այս ամբողջին մէջ տեղ տրուեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի յայտարարութիւններուն։ Ան հերթական անգամ կոչ ուղղեց, որպէսզի մարդասիրական օդային միջանցք մը ապահովուի դէպի Արցախ՝ մատակարարումներ իրականացնելու համար։ Ան շեշտեց, որ շրջափակումէն առաջ ամէն օր շուրջ 800-1000 բեռնատար կը մտնէր Լեռնային Ղարաբաղ։ Առկայ պայմաններով Արցախի տնտեսութիւնը կանգ առած է, սահմանափակ վառելանիւթի եւ ելեկտրական ուժանիւթի պայմաններուն ներքեւ դպրոցներն ալ փակուած են։

«Անընդունելի է ձմրան 30 հազար երեխայ ստիպել ապրիլ առանց սնունդի, առանց կրթութեան կամ առանց կազի ու ելեկտրականութեան։ Ատրպէյճան պէտք է ընդունի, որ երկխօսութիւն պէտք է ըլլայ, սա չի կրնար լուծուիլ ռազմական ճանապարհով կամ սեփական բնօրրանին մէջ 120 հազար մարդ էթնիք զտման ենթարկելով», ըսած է Ռուբէն Վարդանեան։

Բաց աստի, Ռուբէն Վարդանեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակեց տեսանիւթ մը, ուր ըսաւ. «Ատրպէյճան մեծ սխալ մը գործած է՝ ընտրելով այս ճանապարհը, շրջափակումը հնարաւորութիւն տուաւ Արցախէ ներս կրկին զգալ 1988-ի ոգին»։

Միւս կողմէ, ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոլումպիայի համալսարանին կողմէ կազմակերպուած առցանց վեպինարի մը ընթացքին ըսաւ. «Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու, պատրաստ ենք խաղաղութեան, կրնանք ապրիլ կողք-կողքի, բայց ոչ երբեք մէկ պետութեան կազմին մէջ»։

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2023