«ՆԿՐՏՈՒՄՆԵՐ ՉԿԱՆ»

Հայաստանի Պաշտպնութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարեց, որ երկիրը որեւէ երկրի դէմ չունի որեւէ նկրտում։

Հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ժամանակ ան ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը որեւէ երկրի դէմ նկրտում չունի, որեւէ տարածքային պահանջ չունի եւ բնականաբար մեր զինեալ ուժերու նպատակն ու առաքելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելն է։ Մեր բանակի հիմքին դրուած հասկացութիւնը այս է»։

Հարցազրոյցին ժամանակ նախարարը շեշտեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակը ներկայիս յարաբերաբար կայուն է եւ զօրքերու կուտակումներ չեն նկատուիր։ Իր խօսքով՝ վերջին քանի մը ամիսներու իրավիճակը կարելի է բնորոշել յարաբերականօրէն կայուն, ինչ որ ինքնին որոշ նշաններ կը ներկայացնէ հանդարտութեան եւ ընդհանուր կայունութեան տեսակէտէ։

Նախարար Պապիկեան բացատրեց, որ Հայաստան ձեռք բերած է նոր գործընկերներ. օրինակ՝ Հնդկաստան, Ֆրանսա կամ այլ երկիրներ։ «Մեր առջեւ խնդիր դրած ենք ապահովելու զէնք-զինամթերքի տեսակաւորութիւն։ Այս գործընթացը կրնամ անդառնալի համարել՝ դրական առումով, որովհետեւ էապէս փոխուած են մեր բանակի վաղուան օրը, սպառազինութեան որակը։ Նոր գործընկերներ ձեռք բերած ենք՝ խոշոր տէրութիւններու եւ այլ բարեկամ երկիրներու մակարդակով։ Խօսքը առաջին հերթին Հնդկաստանի եւ Ֆրանսայի մասին է, բայց կան նաեւ այլ երկիրներ», նշեց նախարարը։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Պապիկեան անդրադարձաւ նաեւ զօրակոչի հարցին։ Իր խօսքով՝ ծառայելու պատրաստակամութեան պակաս խնդրոյ առարկայ է։ Սա ցոյց կու տայ, որ շատեր կը փորձեն զարտուղի ճանապարհով խուսափիլ զինուորական ծառայութենէ։ «Բոլոր պատկան մարմիններուն կը յանձնարարենք զբաղիլ այս հարցով», ըսաւ ան։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՊԱՅՐԱՄՈՎ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանին ի նպաստ նախատեսուած ռազմական օգնութիւնը կը խաթարէ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը։ Իր խօսքով՝ 30 տարուան ընթացքին առաջին անգամ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան իրական պայմաններ կը ստեղծուին։ Ուստի, ԵՄ-ի կամ անոր որոշ անդամ երկիրներուն կողմէ որեւէ պատրուակով Հայաստանին ռազմական օգնութեան տրամադրումը կամ հովանաւորչութեան ճանապարհով Հայաստանը խաղաղութեան գործընթացէն դուրս բերելը կը խաթարէ Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատումը։

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2024