ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի յայտարարեց, որ իր երկրին ուժը կը ստեղծէ անվտանգութիւն եւ տարածաշրջանի երկիրները կրնան ապաւինիլ անոր։
«Մեհր» գործակալութեան հաղորդումներով, Ռայիսի ըսաւ. «Նախապէս, երբ կը խօսէին Իրանի մասին, կ՚ըսէին՝ սեղանին վրայ ռազմական տարբերակ դրուած է, իսկ հիմա կ՚ըսեն՝ մտադիր չեն հակամարտութիւն ունենալ Իրանի հետ։ Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ պատերազմ չենք սկսիր, բայց եթէ որեւէ երկիր փափաքի կռիւ ընել, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կու տայ խիստ պատասխան»։
«Իրնա» գործակալութիւնն ալ տեղեկացուց, որ Իպրահիմ Ռայիսի Իրանի անբաժանելի մասը որակած է Պարսից ծոցի երեք կղզիները։ Իր խօսքով՝ վերջնական ու պատմական փաստաթուղթերը միշտ հաստատած են Իրանի ինքնիշխանութիւնը այդ կղզիներու պարագային։ Ըստ Իպրահիմ Ռայիսիի՝ տարածաշրջանէն ներս Իրանի դիրքորոշումը միշտ կայուն անվտանգութեան ապահովման հետամուտ եղած է։
Ռայիսիի այս յայտարարութիւնները զուգադիպեցան այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ հետզհետէ կը բարձրաձայնուի Իրանը թիրախաւորելու նպատակը։ Յորդանանի մէջ ամերիկեան ռազմախարիսխի ենթարկուած յարձակումը պատճառ դարձած է, որ Ուաշինկթըն աւելի արմատական ընթացք մը որդեգրէ Թեհրանին դէմ։ Կարմիր ծովու իրադարձութիւններով միջազգային բեմահարթակի վրայ ծայր տուած մտահոգութիւնները արդէն ներկայիս կը խորանան։ ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին երէկ յայտնած էր, որ Յորդանանի ամերիկեան ռազմախարիսխը թիրախաւորածներու ետին կանգնած է Իրանը։ Փենթակոնի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Յորդանանի յարձակման դէմ ամերիկեան բանակը փոխադարձ գործողութիւններով հանդէս եկած է։ Այսպէս, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ յարձակում կատարուած է Իրանի մերձակայ խմբաւորումներուն վրայ։ Իրանական թիրախներու վրայ գործուած այս յարձակումներուն զուգահեռ՝ ԱՄՆ-ի բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը հաղորդեց, որ գործողութիւնը քանի մը օրուան ընթացքին կ՚ընդլայնուի եւ նախատեսուած է բազմաշերտ ձեւով։