ՀԵՌԱՀԱՐ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 88-րդ համագումարը կը շարունակուի Երեւանի մէջ։ Ընդհանուր ժողովին շրջագծով նախատեսուած զրոյցներու շարքը կ՚արժանանայ անմիջական հետաքրքրութեան։ Այս նախագծին հերթական փուլը երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի յարկէն ներս, «Ալէք եւ Մարի Մանուկեան» սրահի երդիքին տակ։ Իսկ այսօր զրոյցներու շարքին եզրափակիչ փուլը տեղի կ՚ունենայ Դիլիջանի Միջազգային դպրոցին մէջ։
Երէկուան զրոյցին նիւթն էր՝ «Հայաստանի պետականակերտման մարտահրաւէրները»։ ՀԸԲՄ-ի 88-րդ ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն առընթեր ներկայ գտնուեցան պետական գործիչներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, սփիւռքահայ կառոյցներու ղեկավարներ, նորարարական ընկերութիւններու պատասխանատուներ, կրթական մշակներ, մտաւորականներ եւ այլ հիւրեր։
Երէկուան զրոյցն ալ վարեց յայտնի հեռուստահաղորդավար ու լրագրող Արտակ Ալեքսանեան։ Իր ողջոյնի խօսքին մէջ ան շեշտեց, որ ՀԲԸՄ-ի զրոյցներու շարքին կազմակերպման նպատակն է ոգեւորութիւն ստեղծել, ներշնչանքի առիթ հանդիսանալ, նաեւ ներգրաւել գաղափարներ ու ծրագրեր՝ ազգի զարգացման համար։ Իբրեւ կարգախօս ընտրուած էր՝ «Ոգեշնչել, ներգրաւել, հզօրացնել ազգը»։
Հաւաքոյթի սկիզբին որպէս առաջին բանախօս հանդէս եկաւ հռչակաւոր տնտեսագէտ, MIT համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու, որու հետ կապ հաստատուեցաւ համացանցի միջոցաւ։ Բոլորը հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին Տարօն Աճէմօղլուի խորհրդածութիւններուն։ Ան խօսքը աւարտելէ վերջ քննարկման ողջ տեւողութեան՝ ամբողջ երեք ժամուան ընթացքին մնաց կապի մէջ՝ հեռակայ դրութեամբ հետեւելով զրոյցին։ Աւարտին, Տարօն Աճէմօղլու պատասխանեց նաեւ իրեն ուղղուած հարցումներուն։
Տարօն Աճէմօղլուի խօսքէն առաջ Արտակ Ալեքսանեան ներկայացուց անոր համառօտ կենսագրութիւնը, շեշտելով, որ ան մեր ժամանակներու ամենանշանաւոր տնտեսագէտներէն մին է։ Յիշեցուց, թէ Աճէմօղլու նուաճած է «Քլարք»ի պարգեւը, որ կը շնորհուի մինչեւ քառասուն տարեկան տնտեսագէտներուն։ Զրուցավարը կանգ առաւ նաեւ Տարօն Աճէմօղլուի մասնագիտական հրատարակութիւններուն վրայ, ներառեալ համաշխարհային տնտեսութեան զարգացման վերաբերեալ ուշագրաւ վերլուծումները։
Ապա արտայայտուեցաւ Տարօն Աճէմօղլու, որ Երեւանի մէջ իրեն հետեւող ներկաները հայերէնով ողջունելէ վերջ, պատրաստած զեկոյցը ներկայացուց անգլերէնով։ Ան ցոյց տուաւ նաեւ տնտեսական զարգացման վերաբերեալ զանազան տեսողական առարկաներ։ Աճէմօղլու փոքր ու մեծ պետութիւններու եւ զարգացած ու տկար տնտեսութիւններու օրինակներու վրայով ցոյց տուաւ ձախողման պատմութիւններ։ Կեդրոնանալով Հայաստանի օրինակին վրայ՝ ան ըսաւ, թէ Հայաստան կը գտնուի այն երկիրներու շարքին, ուր չկայ ժողովրդավարութիւն, թափանցիկութիւն եւ բազմակարծութիւն, ինչ որ կ՚ենթադրէ, թէ չի կրնար ըլլալ նաեւ տնտեսական աճ։ Աճէմօղլուի խօսքերով, նման երկիրներու մէջ տնտեսական զարգացումը կը խոչընդոտեն այնպիսի կառոյցները, որոնք իրենց մենաշնորհը դարձուցած են ամբողջ պաշարը ու կը մեռցնեն ստեղծագործական, ձեռներէցութեան ջիղը՝ մարդոց մէջ։ Ան չժխտեց, որ Հայաստանի տնտեսական զարգացման վրայ անդրադարձ կ՚ունենան նաեւ իր աշխարհագրական դիրքը, ինչպէս նաեւ համայնավարական նախկին հասարակարգէն ժառանգուած մտածելակերպին ձեւերը կամ դրսեւորումները։ Ուստի, ամէն ինչ պէտք չէ բարդել ներկայ քաղաքական ու տնտեսական դրութեան վրայ։ Բայց եւ այնպէս, Աճէմօղլուի համոզմամբ ճշմարտութիւնը ուրիշ կէտի մը վրայ է։ Այսպէս, լաւ տնտեսութիւն մը զարգացնելու համար պէտք է ունենալ այնպիսի համակարգ մը, որ ունի ներառնելու կարողութիւններ։ Բնականոն տնտեսութիւն ունենալու համար անհրաժեշտ է ունենալ ուժեղ հասարակութիւն, որովհետեւ միայն ուժեղ հասարակութիւնները կրնան կերտել ուժեղ պետութիւն մը։
Իր խորհրդածութիւններուն տեւողութեան Տարօն Աճէմօղլու բարձր գնահատեց Հայաստանի ներքին ներուժը, նաեւ արտաքինը՝ ի դէմս Սփիւռքի։ Բայց եւ այնպէս, արդիւնաւէտ պետութիւն մը կառուցելը, տնտեսական համակարգ մը ստեղծելը քաղաքական խնդիր մըն է, կը պահանջէ քաղաքական կամք եւ համապատասխան որոշում։
Երէկուան ժողովի միւս ատենախօսներն էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի շարունակական կրթութեան ծրագրերու տնօրէնուհի Արփի Պալեան եւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց յանձնակատարի Կեդրոնական Ասիոյ շրջանային մասնաճիւղի ղեկավար Արմէն Յարութիւնեան։
Վիգէն Սարգսեան տեսակէտները ներկայացնելէ առաջ ՀԲԸՄ-ին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ նման զրոյցներու շարք մը կազմակերպելու գաղափարը յղացած ըլլալու համար։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ ՀԲԸՄ-ի 88-րդ համագումարը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ նաեւ նման քննարկումներու, ներգրաւելով զանազան բնագաւառներէ մարդիկ՝ քաղաքացիական հասարակութիւն, երիտասարդական շրջանակներ եւայլն։ Վիգէն Սարգսեանի համոզմամբ, սա շատ կարեւոր ազդակ մըն է այն դերակատարութեան տեսակէտէ, զոր ՀԲԸՄ իրեն վիճակած կը համարէ Հայաստանի զարգացման ուղղութեամբ։ Աւելի վերջ Վիգէն Սարգսեան բացատրեց, որ Հայաստանի պետականութեան կերտման կարեւորագոյն մարտահրաւէրներէն մին է՝ հայոց պատմութեան բազմաթիւ հարցերու չլուծուած ըլլալը։ Անցեալէն ժառանգուած բազում հարցերու լուծումէն վերջ միայն հնարաւոր է կերտել ամուր պետականութիւն մը։
Արփի Պալեան ըստ էութեան արծարծեց այն միտքը, թէ Սփիւռքի կազմակերպութիւնները մեծ ներդրում կրնան ունենալ պետականակերտման հարցին մէջ։ Ըստ իրեն, անհրաժեշտ չէ, որ բոլոր սփիւռքահայերը Հայաստան տեղափոխուին՝ երկրին օգտակար հանդիսանալու համար։ «Կարելի է մնալ դուրսը, բայց պէտք է հայեացքը ուղղել դէպի Հայաստան եւ իւրաքանչիւրը իր ուժերուն ներած չափով բան մը պէտք է ընէ Հայաստանի համար», ըսաւ ան եւ անձնական կեանքէն օրինակներ մէջբերելով դիտել տուաւ, որ որպէս սփիւռքահայ տարիներ առաջ գացած է Հայաստան ու կը փորձէ իր ուժերուն ներած չափով մասնակցութիւն բերել երկրի զարգացման։
Արմէն Յարութիւնեան մասնաւորապէս ողջունեց պետականակերտման հարցին վերաբերեալ Տարօն Աճէմօղլուի կողմէ արտայայտուած միտքերը։ Ան եւս համակարծիք է, թէ պէտք է ստեղծուի ոչ թէ միակեդրոն, այլ բազմակեդրոն քաղաքական համակարգ մը, ուր պէտք է բացակայի քաղաքական գաղափարախօսութեան մենաշնորհայնացումը։ Ան ըսաւ, թէ գոյութիւն պէտք է ունենայ իսկական բազմակուսակցական դրութիւն։
Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան, ըստ էութեան, շեշտը դրաւ մարդու, անհատի պաշտպանութեան, պաշտպանուած ըլլալու հարցին վրայ։ Նորին Սրբազնութիւնը ըսաւ, որ ներկայիս թէ՛ պետութեան եւ թէ եկեղեցւոյ համար մեծ հարց մըն է անհատի պաշտպանուած ըլլալը՝ տնտեսական, իրաւական եւ քաղաքական առումով։ Ան մարտահրաւէր համարեց աշխարհի հետ շփումը, մտքի եւ հոգւոյ սահմաններու բացումը։ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան պատմութենէն օրինակներ մէջբերելով նշեց, որ հայ ժողովուրդը զարգացած եղած է պատմութեան այն ժամանակահատուածին, երբ բաց եղած են աշխարհի հետ իր շփման դռները։
Իրենց հիմնական խօսքերէն վերջ, բանախօսները պատասխանեցին նաեւ ներկաներու հարցումներուն։ Այս հանգրուանին խօսք առաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, որ իր մօտեցումները բաժնեց հաւաքոյթի մասնակիցներուն հետ։
Դիլիջանի Միջազգային դպրոցին մէջ այսօրուան վերջին զրոյցը խորագրուած է՝ «Հայութեան միջազգային դիրքերու ամրապնդումը»։
Միւս կողմէ, ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնը երէկ Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ «Իմ ուղին» ուսումնավերականգնման կեդրոնի նոր շէնքի բացման։ Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեան ներքեւ կատարուեցաւ հանդիսաւոր բացումը։ Կեդրոնը մասնագիտացած է օթիզմի վրայ։