ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Ի­րա­նի հիւ­լէա­կան ծրագ­րի հար­ցին շուրջ ե­րէկ գո­յա­ցաւ պատ­մա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը։ Լո­զա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին կը գտնուէին։ Ար­դիւն­քին, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն դրա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեան մը յան­գուե­ցաւ Թեհ­րա­նի եւ P5+1 (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, Ռու­սաս­տան, Չի­նաս­տան, Անգ­լիա, Ֆրան­սա եւ Գեր­մա­նիա) եր­կիր­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Ութ օ­րէ ի վեր ա­նընդ­հատ կը շա­րու­նա­կուէին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ա­ւար­տին հա­մա­ձայ­նու­թեան շրջագ­ծին շուրջ կող­մե­րը հա­սան ընդ­հա­նուր հաս­կա­ցու­թեան։ Ներ­կա­յիս կ՚ակն­կա­լուի, որ վերջ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գո­յա­նայ մին­չեւ Յու­նի­սի 30-ը։

Ե­րէկ ա­պա­հո­վուած հա­մա­ձայ­նու­թեան շուրջ պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րու­թիւն մը ը­րին Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆ եւ Եւ­րո­միու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի։

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, բա­նակ­ցող կող­մե­րը նա­խա­տե­սած էին մին­չեւ Մար­տի 31-ը հաս­նիլ հա­մա­ձայ­նու­թեան։ Երբ կա­րե­լի չե­ղաւ շրջագծա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան մա­սին շօ­շա­փե­լի ար­դիւն­քի մը հաս­նիլ, փո­խա­րէ­նը կա­տա­րուե­ցաւ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը։ Թէեւ թնճու­կի վերջ­նա­կան յաղ­թա­հա­րու­մը յե­տաձ­գուե­ցաւ Յու­նիս ամ­սուան, սա­կայն մի­ջազ­գա­յին թա­տե­րա­բե­մին վրայ ստեղ­ծուած լա­ւա­տե­սու­թեան զու­գա­հեռ՝ շրջագծա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան մը նշա­նա­կու­թիւ­նը կը վե­րագ­րուի այս ի­րա­դար­ձու­թեան։ Լո­զա­նի մէջ ե­րէկ կա­տա­րուած ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի, Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­րան Ֆա­պիուս, Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր եւ այլք։ Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րը ու­շագ­րաւ կը նկա­տեն բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լավ­րո­վի, ո­րու տե­ղա­կա­լը մաս­նակ­ցե­ցաւ ե­րէ­կուան պաշ­տօ­նա­կան լու­սան­կա­րին։

Լո­զա­նի մէջ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թեան բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ու­նի շարք մը կա­րե­ւոր թէք­նիկ ե­րե­սակ­ներ։ Ի­րան հա­մա­ձայն գտնուած է, որ­պէս­զի եր­կու եր­րոր­դի հա­մե­մա­տու­թեամբ նուա­զեց­նէ ու­րա­նիու­մի հարս­տա­ցու­մը։ Գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի վե­րահս­կուի Ա­թո­մա­յին ու­ժա­նիւ­թի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­կա­լու­թեան կող­մէ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս ա­պա­հո­վուած պայ­ման­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ շուրջ տաս­ն­­հինգ տա­րուան շրջա­նին Ի­րա­նը պի­տի զրկեն հիւ­լէա­կան զէնք ձեռք բե­րե­լու հե­ռան­կա­րէն։

ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա եւ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի ե­րէկ դրա­կան շեշ­տով յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րին այս ա­ռըն­չու­թեամբ։ ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մունն ալ նպաս­տա­ւոր հա­մա­րեց Լո­զա­նի մէջ առ­նուած քայ­լը։ Միակ հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը ե­կաւ Իս­րա­յէ­լէն, ո­րուն Ռազ­մա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­րա­րը՝ Եու­վալ Շթայ­նից յայտ­նեց, որ Ի­րան ո­րե­ւէ զի­ջում չէ կա­տա­րած Լո­զա­նի մէջ եւ կը շա­րու­նա­կէ սպառ­նալ Իս­րա­յէ­լին եւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի միւս եր­կիր­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, աշ­խարհ ա­ւե­լի վատ տե­ղի մը պի­տի վե­րա­ծուի։ Նա­խա­րա­րը ը­սաւ, թէ Իս­րա­յէլ պի­տի շա­րու­նա­կէ ջանք գոր­ծադ­րել՝ որ­պէս­զի աշ­խարհ հրա­ժա­րի վերջ­նա­կան վատ հա­մա­ձայ­նու­թե­նէ մը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2015