ՏՈՒՇԱՆՊԷԻ ՄԷՋ ՀԱՊԿ-Ի ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Տու­շան­պէի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Հա­ւա­քա­կան անվտան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խա­րար­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին հա­մաշ­խար­հա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան վրայ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծող խնդիր­նե­րուն, Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ, Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին, ինչ­պէս նաեւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի զար­գա­ցում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ա­նոնք կանգ ա­ռին նաեւ Աֆ­ղա­նիս­տա­նէ ներս կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րուն վրայ։

Իր ե­լոյ­թին մէջ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան խօ­սե­ցաւ այս բո­լո­րին շուրջ։ Ան մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սէն ներս ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին։

Քննար­կուե­ցան ՀԱՊԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­մադր­ման հար­ցե­րը, անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ ռազ­մա­կան եւ ռազ­մա­թէք­նիկ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման, ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ թմրա­նիւ­թե­րու ա­պօ­րի­նի շրջա­գա­յու­թեան դէմ պայ­քա­րին։

Տա­ճի­կիս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Աս­լով անդ­րա­դար­ձաւ իր երկ­րի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հու­թեան ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման։ ՀԱՊԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տիու­ժա զե­կու­ցեց կազ­մա­կեր­պու­թեան ըն­թա­ցիկ գոր­ծու­նէու­թեան, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս ար­ձա­նագ­րուած ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին։

ՀԱՊԿ-ի այս նիս­տին հրա­ւի­րուած էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Սեր­պիոյ Փոխ-վար­չա­պետ ու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ի­վի­ցա Տա­չիչ, որ հան­դէս ե­կաւ նաեւ ե­լոյ­թով մը։ Այս առ­թիւ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կուե­ցան նաեւ ՀԱՊԿ-ի եւ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, մի­ջազ­գա­յին կամ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։

Նա­խա­րար­նե­րը ո­րո­շե­ցին այս տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան ՀԱՊԿ-ի կող­մէ կա­տա­րուե­լիք յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն տասն նիւ­թե­րը, ո­րոնց­մէ ե­րե­քը ա­ռա­ջար­կուած է Հա­յաս­տա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2015