ՓԵՐԻՆՉԷՔԻ ԳՈՐԾԻՆ ՀԵՏՔԸ
Սեփական լրատուութիւն.-
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, անցեալ շաբաթ Փարիզի մէջ կազմակերպուած «Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց ցեղասպանութիւնը. Հետազօտութեան 100 տարին» խորագրեալ գիտաժողովին ընթացքին պատմական բազում հանգամանքներու առընթեր օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ այժմէական նիւթ մը։ Այսպէս, գիտական նիստերէն մէկուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանին (ԵՄԻԱ) կողմէ Տողու Փերինչէքի գործին շուրջ արձակուած վճռին։ Ինչպէս ծանօթ է, Սթրազպուրկի մէջ, ԵՄԻԱ-ի Մեծ պալատին մօտ ներկայիս վերատեսութեան կ՚ենթարկուի նախապէս արձակուած վճիռը։
Փարիզի գիտաժողովին ընթացքին այս նիւթին առընչութեամբ պիտի զեկուցէ Ժընեւի եւ Նէօշաթէլի համալսարաններու դասախօս իրաւաբան Սեւան Կարիպեան։ Նկատի ունենալով, որ այս վերջինը անակնկալօրէն բացակայելու պարտաւորուեցաւ՝ իր զեկուցումը ընթերցուեցաւ գիտաժողովի նախաձեռնարկ խումբի քարտուղարուհի պատմաբան Սաթենիկ Թուֆանեանի կողմէ։ Սեւան Կարիպեանի զեկուցման առաջին բաժնին մէջ ներկայացուած էին այս դատավարութեան բոլոր կողմերուն տեսակէտները, ներառեալ դատակազմը։ Այս բոլորի լոյսին տակ որպէս իրաւաբան Սեւան Կարիպեան բաժնած էր նաեւ իր համոզումները։ Այսպէս, պատմական եղելութիւններու ուրացման եւ անոնց որպէս ցեղասպանութիւն որակաւորման ժխտման միջեւ տարբերութիւն դնելը տկար մօտեցում մըն է։ Ըստ իրեն, այդ դէպքերուն որպէս ցեղասպանութիւն բնորոշման մերժումը, ժխտումը կը նշանակէ իրականութեան մէջ ժխտել այդ յանցագործութեան հեղինակներուն մտադրութիւնը։
Սեւան Կարիպեանի զեկուցման մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ այն հանգամանքին, թէ «ընդհանուր համաձայնութիւն մը գոյութիւն չունի հայոց ցեղասպանութեան շուրջ»։ Իր տեսանկիւնէն այս պնդումը խոտոր կը համեմատի Բ. աշխարհամարտին յաջորդած շրջանին՝ 1950 թուականին ընդունուած Եւրոպայի մարդու իրաւանց պայմանագրի ոգիին եւ գետին կը պատրաստէ ուրացման գաղափարախօսութեան։
Ի լրումն այս բոլորին, Կարիպեան հետեւութիւններ ըրաւ այն մասին, թէ միջազգային իրաւունքի գործադրութիւնը որքա՛ն պայմանաւորուած է քաղաքական գործօններով։
(Փարիզի գիտաժողովին վերաբերեալ մեր սեփական լրատուութիւններու շարքը այսօր կը հասնի իր աւարտին)։