ՉԽՈՒՍԱՓԻԼ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵՆԷ

ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր մարմինը երէկ ժողով մը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Սա կուսակցութեան գործադիր մարմնի առաջին նիստն էր՝ շաբաթավերջի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութենէն վերջ։ Ծանօթ է, որ ընտրութիւններու արդիւնքը բաւական խնդրայարոյց է ԱՔ կուսակցութեան տեսակէտէ։

Նախագահ Էրտողան երէկուան ժողովին ընթացքին ընդգծեց, որ կուսակցութիւնը յանցանք պէտք չէ փնտռէ ազգին մէջ։ Արդարեւ, ԱՔ կուսակցութիւնը հայրենակիցներուն եւ իր միջեւ պատնէշ մը չի կրնար կառուցել եւ չի կրնար յանցանք փնտռել ազգին մէջ։ Կուսակցութիւնը երբեք այսպիսի աւանդութիւն մը չէ ունեցած։

Էրտողան նշեց, որ յառաջիկայ շրջանին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքը ամենայն մանրամասնութեամբ պիտի արժեւորուի բոլոր հարթութիւններուն վրայ։ Ան համոզուած է, թէ ոեւէ մէկը պատասխանատուութենէ պէտք չէ խուսափի։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան երէկ ժողովականներու նկատառման յանձնեց, որ քսանմէկ տարիէ ի վեր ԱՔ կուսակցութիւնը խրախուսած ընտրողները այս անգամ քուէատուփի մօտ առաջնորդել հնարաւոր չէ եղած։ Այս հանգամանքին պատճառները պէտք է անպայման ուսումնասիրուին։ Առկայ իրավիճակը թէ՛ կուսակցութեան կեդրոնի, թէ՛ յարակից մասնաճիւղերուն եւ թէ թեկնածուներուն տեսակէտէ ընդհանրութիւններ ունի։ Էրտողանի խօսքով՝ նախընտրական գործընթացը պէտք է արժեւորուի ամենայն մանրամասնութեամբ՝ ծայրէն մինչեւ վերջը։

Միեւնոյն ժամանակ, նախագահ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հանդիպեցաւ սրճարան մը, ուր զրուցեց երիտասարդներու հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2024