ՓԷՅԼԻԻ ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Իրանի գծով յատուկ յանձնակատար Ապրամ Փէյլի վերջերս այցելեց Հարաւային Կովկաս։ Տարածաշրջանային ուղեւորութիւնը ընդգրկեց Հայաստանը, Վրաստանն ու Ատրպէյճանը։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ Երեւանի, Թիֆլիզի եւ Պաքուի մէջ ունեցած շփումներուն կապակցութեամբ։

Հայկական լրահոսին մէջ եւս արձագանգ գտան համապատասխան հաղորդումները, ըստ որոնց Ապրամ Փէյլի Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մնացական Սաֆարեանի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի, Կեդրոնական դրամատան եւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի պաշտօնատարներուն հետ։ Հանդիպումներուն ընթացքին շօշափուեցան Իրանի, սահմաններու անվտանգութեան, պատժամիջոցներու կիրառման եւ Հայաստանի տնտեսական ու արտաքին քաղաքականութեան տեսակաւորման վերաբերեալ հարցեր։

Ամերիկացի դիւանագէտը իր գրառումներուն մէջ ընդգծեց, որ դէպի Հարաւային Կովկաս ուղեւորութիւնը անցած է շինիչ մթնոլորտի մէջ։ Իր վկայութեամբ՝ հանդիպումներ տեղի ունեցած են բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներու հետ։ Քննարկուած են Իրանի վարչակարգին վերաբերեալ հարցեր, պատժամիջոցներու կիրառումը, ինչպէս նաեւ այն շարունակական ջանքերը, որոնք ուղղուած են վարչախումբի ապակայունացման։ «ԱՄՆ նպատակ ունի աշխատիլ մեր գործընկերներուն հետ տարածաշրջանի համար դրական տեսլական մը զարգացնելու համար», նշած է Ապրամ Փէյլի։

Պաքուի մէջ Փէյլի տեսակցած է Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւի, արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շերիֆովի, Թեհրանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ալի Ալիզատէի եւ Պաքուի մօտ Իսրայէլի դեսպանին հետ։ Ի լրումն այս բոլորին, Փէյլի Թիֆլիզի մէջ ալ տեսակցած է Վրաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարին, Կեդրոնական դրամատան ներկայացուցիչներուն եւ մասնաւոր հատուածէ դէմքերու հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2024