ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՆԱԼ
Ինչո՞ւ Փաշինեան կը շարունակէ իշխել՝ ի հեճուկս սարսափելի աղէտներու, որոնք պատճառած է ազգի եւ պետութեան գլխուն: Այս հարցը ունի բազմաթիւ պատասխաններ: Որովհետեւ անոր կ՚աջակցին Ռուսաստանն ու Արեւմուտքը: Որովհետեւ Հայաստանի քաղաքացիներէն շատերը կը կարծեն, թէ որեւէ սարսափելի աղէտ չկայ: Կամ՝ աղէտ կայ, բայց պատճառը «նախկիններն» են: Կամ՝ իրավիճակը աղէտալի է, բայց սա այն գինն է, որ մենք կը վճարենք ինքնիշխանութեան համար: Վերջերս մէկը ինձ կը համոզէր, թէ ապրիլի 5-ին Հայաստանը կը դառնայ Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ: Հաշուի առնելով մեր հասարակութեան գրագիտութեան մակարդակը՝ «միանգամայն իրատեսական» կանխատեսում է:
Բայց գուցէ խնդիրը նաեւ այն է, որ ընդդիմութիւնը կ՚ուզէ Փաշինեանէն աւելի Փաշինեան ըլլալ ու պայքարիլ ներկայիս իշխանութեան դէմ, այսպէս ըսած, «իր դաշտին մէջ»:
Բայց նախ՝ ինձ կը թուի, թէ բառերէ կառչելու, պիտակներ փակցնելու, թունդ բառապաշար օգտագործելու հարցերու մէջ Փաշինեանին դժուար թէ Հայաստանի մէջ ոեւէ մէկը գերազանցէ:
Բայց, ենթադրենք, ընդդիմադիրները կը յաջողին կրկնել 2018 թուականի բեմագրութիւնը, հասարակութեան զգալի մասի մէջ ատելութիւն եւ թշնամանք կը յառաջացնեն իշխանութիւններու դէմ, որ մարդիկ «Նիկոլ», «Ալէն», «Աւինեան» սգոյ ծաղկեպսակներով դուրս կու գան փողոց: Ես ամենեւին վստահ չեմ, որ այդ տեսակի իշխանափոխութիւնը օգուտ կը բերէ մեր պետութեան, այսպէսով Հայաստան պատուով դուրս կու գայ մեզի բաժին հասած դաժան փորձութիւններէն:
Սա, իմ կարծիքով, ելք չէ. այդպիսի պառակտուած վիճակով, փարանոյայով, ներքին անհանդուրժողականութեամբ մենք պիտի շարունակենք կորուստներ կրել՝ անկախ այն բանէն, թէ ո՛վ պիտի նստի «գահուն» վրայ:
Լուծումը ես կը տեսնեմ ո՛չ թէ անոր մէջ, թէ ի յայտ գայ նոր «Փաշինեան» մը, որ աւելի հմուտ ձեւով կը կարողանայ խաղալ մարդոց զգացումներու հետ, ինչ որ կը բերէ նոր առճակատումներու եւ պառակտումներու: Ճիշդ հակառակը՝ լուծումը թէ՛ Հայաստանի հասարակութեան եւ թէ ազգային մակարդակով շփման կէտեր գտնելու մէջ է: Արտասահմանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներէն մէկը կը պատմէ, որ աշխարհի ինչ-որ կէտի մը վրայ հանդիպելով՝ հայերը այսօր իրարու որոշակի կասկածամտութեամբ կը նային ու առաջին հերթին կը փորձեն պարզել՝ նիկոլակա՞ն ես, թէ հականիկոլական: Նման բան կայ նաեւ այստեղ՝ Հայաստանի մէջ:
Այսպէս պիտի չըլլայ: Մարդիկ պէտք է համերաշխութեան կէտեր գտնեն, իրարու հետ խօսելու տեղ ունենան՝ անկախ քաղաքական տարաձայնութիւններէն: Գուցէ շատ մարդիկ՝ գիտակցելով, որ 2018 թուականին սխալ ընտրութիւն կատարած են, բնազդաբար կը զգան, թէ ընդդիմութիւնը կը փափաքի իրենք մտցնել նոյն փակ շրջանին մէջ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի