ԷՐՏՈՂԱՆ-ԷՕԶԷԼ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կուսակցապետը՝ Էօզկիւր Էօզէլը։ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու վերջին ընտրութիւններու արդիւնքներով պայմանաւորուած քաղաքական կլիմային մէջ անոնք զրուցեցին աւելի քան մէկուկէս ժամ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնակայանին մէջ։ Կը հաղորդուի, որ առաջին յարմար առիթով Էրտողանն ալ փոխադարձ այցելութիւն մը տալու մտադրութիւն ունի ՃՀՓ-ի կեդրոնը։
Հարկ է նշել, որ ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի ղեկավարներուն միջեւ ութ տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ։
Ներքին քաղաքական հիմնական իրադարձութիւնը եղաւ երէկուան հանդիպումը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան զանազան նիւթեր։ ԱՔ կուսակցութեան բանբերը՝ Էօմէր Չելիք նշեց, որ նախագահ Էրտողան գոհունակութիւն յայտնած է Էօզկիւր Էօզէլի այցելութեան համար։ Զրոյցը անցած է դրական մթնոլորտի մը մէջ եւ Էրտողան կողմնակից է երկխօսութեան տեւականացման։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան եւ Էօզէլ անդրադարձած են նոր սահմանադրութեան մը պատրաստութեան վերաբերեալ նիւթերու։ Իր կարգին, Էօզկիւր Էօզէլն ալ անդրադարձած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու դժուարութիւններուն։ Արդարեւ, անոնք իրենց կուտակուած պարտքերուն բերումով անել վիճակի մատնուած են եւ անհրաժեշտութիւնը կը զգան իրենց համար նոր միջոցներու յատկացման։ Զանազան քաղաքապետարանները ունին նուրբ ծրագիրներ, որոնց համար անհրաժեշտ է կեդրոնի ղեկավարութեան հաւանութիւնը։ Էրտողան եւ Էօզէլ խօսած են նաեւ սղաճին ու դրսեւորումներուն, հանգստեան կոչուածներու թոշակներուն, ուսուցիչներու նշանակումներուն, հանրային հատուածէ ներս գործի ընդունուելու համար նախատեսուած հարցազրոյցներուն եւ այլ նիւթերու։ Էօզէլ օրակարգի վրայ բերած է նաեւ Կեզիի դէպքերուն հետեւանքով ձերբակալուածներու պարագաները։
Նախագահ Էրտողանի հետ տեսակցելէ վերջ Էօզկիւր Էօզէլ անցած է ուղղակի ՃՀՓ-ի կեդրոնատեղին, ուր կուսակցութեան վերնախաւին հետ արժեւորման ենթարկած է զրոյցի բովանդակութիւնը։