ՄԱՄԼՈՅ ԴԷՄ ՃՆՇՈՒՄ
«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած վերջին զեկոյցին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրուեցաւ՝ Հայաստանի պարագային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ենթարկուած ճնշումներուն վրայ։ Այսպէս, զեկոյցին մէջ շեշտուած է, որ Հայաստանի մէջ լրագրողները յաճախ կ՚ենթարկուին բռնութիւններու, ճնշումներու թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան կողմէ՝ խորհրդարանին կամ փողոցին մէջ, նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Շեշտուած է նաեւ, որ ընդհանուր առմամբ լրագրողներու դէմ բռնութիւնը կը մնայ անպատիժ։
Այս իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Մամուլի ազատութեան համաշխարհային աղիւսակին վրայ 180 պետութիւններու շարքին Հայաստան կը զբաղեցնէ 43-րդ հորիզոնականը։ Ըստ զեկոյցին, երկրէն ներս լրատուամիջոցներու մեծամասնութիւնը կը շարունակէ ճնշումներու ենթարկուիլ, մամլոյ ազատութիւնը բաւարար չափով չի պաշտպանուիր, կառավարութիւնը տարատեսակ պատրուակներով կը սահմանափակէ պետական տեղեկատուական հասանելիութիւնը։
«Լրագրողներ առանց սահմաններու» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուի Փարիզի մէջ։ Յիշեալ զեկոյցին մէջ արձանագրուած է, որ Հայաստանէ ներս լրագրութիւնը անարգուած մասնագիտութիւն մըն է, կ՚ենթարկուի ատելութեան խօսքի, քաղաքական վերնախաւը կը մեղադրէ լրագրողները «փտածութեան» եւ հակառակորդներուն ծառայելու ուղղութեամբ՝ ստեղծելով անհանդուրժողականութեան մթնոլորտ, ինչ որ կը խոչընդոտէ լրագրողներուն աշխատանքը։ Հայաստանի օրէնսդրութիւնը, որ կը կարգաւորէ այս ոլորտը, ըստ կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած զեկոյցին, բաւարար չափով չի պաշտպաներ մամլոյ ազատութիւնը եւ չի համապատասխաներ եւրոպական չափանիշներուն։
«Հակառակ բազմակարծութեան միջավայրին, Հայաստանի մէջ լրատուամիջոցները կը շարունակեն բեւեռացած մնալ, երկիրը կը բախուի աննախադէպ ապատեղեկատուութեան եւ ատելութեան խօսքի», կը դիտարկէ կազմակերպութիւնը արդէն երկու տարիէ ի վեր։ Այս տարուան զեկոյցին մէջ ալ կրկին շեշտուած է, որ Հայաստանի լրատուամիջոցներու բեւեռացումը կ՚արտացոլէ քաղաքական դաշտի բեւեռացումը։ Բազմաթիւ լրատուամիջոցներ իշխանութիւններու մօտ կանգնած են, իսկ ուրիշներ հաւատարիմ կը մնան նախկին սակաւապետերուն։ Պետական լրատուամիջոցներն ալ ձեռնպահ կը մնան կառավարութեան հասցէին որեւէ քննադատութենէ։
Այս բոլորով հանդերձ, Հարաւային Կովկասի կտրուածքով, մամլոյ ազատութեան տեսակէտէ Հայաստան կը համարուի յառաջատար։ Արդարեւ, այն աղիւսակին վրայ, ուր Հայաստան 43-րդ հորիզոնականին վրայ է, Վրաստան կը զբաղեցնէ 103-րդ տեղը, իսկ Ատրպէյճան՝ 164-րդը։ Իրանը 176-րդ շարքի վրայ է, իսկ Ռուսաստանը՝ 162-րդ։ Նախորդ տարուան բաղդատմամբ, Վրաստան էական նահանջ արձանագրած է՝ իր դիրքերը 26 հորիզոնականով զիջելով։