USCIRF-Ի ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովը (USCIRF) 2024 թուականի տարեկան զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ հայաթափուած Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան։ USCIRF կոչ ուղղեց, որպէսզի ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը միջոցներ յատկացնէ՝ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Պաքուի ամերիկեան դեսպանութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներուն մէջ պաշտամունքի վայրերու եւ այլ կրօնական կամ մշակութային կառոյցներու վերականգնման, պահպանման ու պաշտպանութեան համար։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զեկոյցին մէջ ամերիկեան կառավարութեան խորհուրդ կը տրուի՝ Ատրպէյճանը ներառել այն երկիրներու շարքին, որոնք յատուկ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն՝ կրօնական ազատութեան համակարգուած, շարունակական եւ աղաղակող խախտումներու համար։ Այդ բոլորը հիմնաւորելու ժամանակ զեկոյցին մէջ յղում կատարուած է նաեւ՝ Միջազգային կրօնական ազատութեան մասին օրէնքին։

Հրապարակուած զեկոյցին մէջ ընդգծուած է, որ 2023 թուականին Ատրպէյճանի կառավարութիւնը շարունակած է սպառնալ Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններէն ներս կրօնական շինութիւններուն։ Յիշեցուած է, որ Ատրպէյճանի մէջ կրօններու հետ աշխատանքի պետական պաշտօնական կոմիտէի նախագահը կոչ ուղղած էր, որպէսզի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականները լքեն Դադիվանքը՝ այն կեղծ պնդումներով, թէ անոնք որեւէ առընչութիւն չունին այդ սրբավայրին հետ։

Հարկ է նշել, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի Լեռնային Ղարաբաղէ դուրս գալու գործողութիւններն ալ սկսած էին՝ Դադիվանքի լքումով։

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, Պաքուի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի նախագահի՝ մարդասիրական ու մշակութային հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքոն, որ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին Պայրամով խաղաղութեան օրակարգի շրջանակներէն ներս դրական յառաջընթաց որակեց՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներուն կողմէ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը։

Շվիտքօ Պաքուի մէջ մասնակցեցաւ՝ միջմշակութային երկխօսութեան ուղղեալ միջազգային ֆորումի մը։

Շվիտքոյի հետ զրուցելու ընթացքին Պայրամով նշեց, որ Պաքու հաստատակամ է Երեւանի հետ կարգաւորման գործընթացի բոլոր կէտերու պարագային իսկական արդիւնքներու հասնելու ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024