ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան տեւողութեան ան կ՚այցելէ Ծիծեռնակաբերդ եւ կ՚ընդունուի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Այս առաւօտ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան տեսակցեցաւ Իվիցա Տաչիչի հետ, որ շրջայց մը կ՚իրականացնէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Երկու նախարարներու տեսակցութենէն վերջ ստորագրուեցաւ փաստաթուղթ մը, որ կը նախատեսէ Հայաստան-Սերպիա համագործակցութեան զարգացումը։
Այս ուղեւորութեան շրջագծով ան այցելեց նաեւ Ատրպէյճան։ Ինչպէս եղած էր Պաքուի մէջ, այնպէս ալ Երեւանի մէջ ան բանակցութիւններու ընթացքին կը շօշափէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի արդի փուլին խնդիրներն ու հեռանկարները։
Միւս կողմէ, Իվիցա Տաչիչ այսօր Երեւանի մէջ կը տեսակցի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մօտ Արցախի ներկայացուցչութեան երդիքին տակ։ Հարկ է նշել, որ նախապէս ալ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը Երեւանի մէջ, նման ձեւաչափով մը հանդիպած է ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահին հետ։
Իվիցա Տաչիչ այսօր կը մէկտեղուի նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան կ՚այցելէ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Երեւանի գրասենեակը։