ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԻՋԳԵՐԱՏԵՍՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մօտ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­գե­րա­տես­չա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիստ, գլխա­ւո­րու­թեամբ նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ուղ­ղեալ «Ա­րի տուն» եւ «Սփիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի ծրագ­րե­րուն վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։ Ժո­ղո­վին ներ­կայ էին պաշտ­պա­նու­թեան, տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման, կրթու­թեան ու գի­տու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան փոխ-նա­խա­րար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ պատ­կան մար­մին­նե­րէն այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։

Ող­ջու­նե­լով ներ­կա­նե­րը Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան կա­րե­ւո­րեց սոյն միջ­գե­րա­տես­չա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին ստեղ­ծու­մը եւ վե­րո­յի­շեալ եր­կու ծրագ­րե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մա­կար­գու­մը, ինչ որ ե­րաշ­խիք մըն է ա­նոնց պատ­շաճ ձե­ւով ի­րա­կա­նաց­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Յա­կո­բեան ժո­ղո­վա­կան­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նեց, թէ այս տա­րի Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի հիւ­րըն­կա­լուին շուրջ 2500 սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնց ճամ­բոր­դու­թեան, անվ­տան­գու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան եւ այլ բնոյ­թի կա­րիք­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման հա­մար Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը սերտ աշ­խա­տանք կը տա­նի պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէ մար­մին­նե­րուն հետ։ Ան­ցեալ տա­րուան աշ­խոյժ եւ կազ­մա­կեր­պուած աշ­խա­տան­քին հա­մար ան իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց բո­լոր նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, քա­ղա­քա­պե­տա­րան­նե­րուն եւ մարզ­պե­տա­րան­նե­րուն։

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին հրա­պա­րա­կուած տուեալ­նե­րով՝ յա­ռա­ջի­կայ ա­մառ «Ա­րի տուն» ծրագ­րին մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րեն նաեւ Տեր­սի­մէն եւ Տիար­պա­քը­րէն քա­ռա­սու­նա­կան ե­րի­տա­սարդ­ներ։

Միւս կող­մէ, Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան վեր­ջերս տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Ար­ժան­թի­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Կոն­սուա­լօ Ու­րիօ­լա­պէի­թիա­յի հետ։ Այս առ­թիւ դես­պա­նը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց աշ­խու­ժօ­րէն հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու հա­մար Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հետ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015