ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ, որոնք շնորհաւորեցին իր ծննդեան տարեդարձը։ Բաց աստի, վարչապետը միջազգային այլ ղեկավարներէ ալ այս առթիւ ստացաւ պատգամներ։
Մաքրոնի հետ զրուցելու ընթացքին Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ իր ունեցած բացառիկ ներդրման համար։
Փաշինեան-Փութին զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին երկրի հիւսիսին պատահած աւերիչ հեղեղներուն։ Փաշինեան Փութինին շնորհակալութիւն յայտնեց, այդ պատճառով աւիրուած երկաթուղային հատուածներու հնարաւորինս արագ վերանորոգման համար Վլատիմիր Փութինի կողմէ տրուած հրահանգին բերումով՝ քանի հայկական երկաթուղային ցանցի կառավարումը կ՚իրականացուի ռուսական ընկերութեան մը կողմէ։
Այս բոլորէն վերջ Նիկոլ Փաշինեանն ու Միխայիլ Միշուսթինն ալ փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։