ՖԻՏԱՆ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր երկօրեայ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Չինաստան։ Փեքինի մէջ ան առաջին փուլին վերլուծական կեդրոնէ մը ներս ունեցաւ ելոյթ մը։ Թուրքիա-Չինաստան յարաբերութիւններու տեսակէտէ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած այցելութիւն մըն է այս մէկը։ Հաքան Ֆիտան կը տեսակցի Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եանկ Եիի եւ փոխ-նախագահ Հան Ժենկի, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին առընթեր բանակցութիւններու ժամանակ կը շօշափուին տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով հարցեր։

Չինաստանի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու հետ շփումները այսօր աւարտելէ վերջ, Ֆիտան վաղը պիտի այցելէ Չինաստանի այն ինքնավար շրջանները, ուր կը բնակին Ույղուրի թուրքերը։ Ծանօթ է, որ Անգարա վաղուց զգայնութիւն կը ցուցաբերէ Ույղուրի թուրքերու իրաւունքներուն եւ դիմագրաւած խնդիրներուն նկատմամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2024