ՎԱԼԵՐԻ ԹՈՐԱՆԵԱՆԻ ՎԷՊԸ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ «ՄԱՏԱՄ ՖԻԿԱՐՕ» ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ
Ֆրանսահայ յայտնի գրող Վալերի Թորանեանի «Օտարը» գիրքը արժանացաւ «Մատամ Ֆիկարօ» մրցանակին։ «Մատամ Ֆիկարօ»ն յայտնի «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթի կանանց յաւելուածն է, որ ունի բաւական լայն տարածում ու կը կազմակերպէ նման մրցոյթ մը։ Վալերի Թորանեան, որ միեւնոյն ժամանակ Elle ամսագրի նախկին գլխաւոր խմբագիրն է, այս գիրքին մէջ անդրադարձած է իր ընտանիքի պատմութեան ու մանաւանդ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած մեծմօր՝ Աղաւնիի։ Գործը յայտնուած է ֆրանսական մամուլի եւ հասարակութեան ուշադրութեան կեդրոնին եւ այդ հիման վրայ ալ արժանացած՝ մրցանակի։ «Ֆլամարիոն» հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայուած վէպի կողքին վրայ մատնանշուած է, թէ հեղինակի մեծմայրը կը կոչուէր Աղաւնի եւ ան երբեք չէր խօսեր իր անցեալին մասին։ Այս կապակցութեամբ Վալերի Թորանեան յայտնած է, թէ ողբերգութիւնը չէ կոտրած հայ ժողովուրդը եւ ան ստեղծած է նոր կեանք մը՝ միեւնոյն ժամանակ սերունդներու յիշողութեան մէջ պահելով այն սարսափելի ոճիրը, որ կատարուեցաւ նախորդ դարու սկիզբին։