ԱՊԱԳԱՅ ՋԱՆՔԵՐՈՒ ՈՒՂԻ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առջեւ դեռ կայ դժուար աշխատանք մը՝ վերջնական խաղաղութեան հասնելու համար։ Ուաշինկթընի մէջ, անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին տեղի ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւնները՝ Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ։ Կը հաղորդուի, որ Պլինքըն եռակողմանի բանակցութիւններէն առաջ առանձնազրոյցներ ալ ունեցաւ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ։ Ընդ որում, Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով Ուաշինկթընի մէջ ունեցան նաեւ առանձին քննարկումներ։ Երկու նախարարները հիւրընկալուեցան նաեւ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվընի կողմէ։ Նման ձեւաչափով աշխատանք մը անցեալ 1-4 մայիսին ալ տեղի ունեցած էր Ուաշինկթընի մէջ։ Այդ բանակցութիւններուն յաջորդած էին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ շփումներ։ Ներկայիս ալ, Ուաշինկթընի այս վերջին բանակցութիւններէն վերջ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ նախատեսուած է նոր հանդիպում մը՝ այս անգամ Պրիւքսելի մէջ, յուլիսի 21-ին։
Ուաշինկթընի բանակցութիւններէն վերջ Էնթընի Պլինքըն Արարատ Միրզոյեանին եւ Ճէյհուն Պայրամովին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ տեւական խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ ծանր աշխատանքին համար։ Պլինքըն շեշտեց, որ ինք եւ Ճէյք Սալըվըն կը գնահատեն այն ժամանակը, որ գործընկերները շինիչ մթնոլորտի մը մէջ անցուցած են Ուաշինկթընէ ներս։ Ան նշեց համաձայնութիւն ձեռք բերելու ընդհանուր նպատակին հասնելու հարցին մէջ յառաջընթացը։ Իր խօսքով՝ կողմերը որոշ յաւելեալ յօդուածներու շուրջ համաձայնութեան հասած են, խորացուցած են այլ չլուծուած հարցերու շուրջ դիրքորոշումներու ըմբռնումը, ինչպէս նաեւ ընդունած են, որ վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար դեռ դժուար աշխատանք կայ ընելիք։ «Կը կարծեմ, թէ բոլորին կողմէ կայ նաեւ յստակ ըմբռնում, թէ որքան աւելի կը մօտենաս համաձայնութեան հասնելու, որոշ պարագաներու սա աւելի դժուար կը դառնայ, որովհետեւ՝ որպէս կանոն, ամենադժուար հարցերը կը թողուին վերջաւորութեան։ Բայց ես մեծապէս կը գնահատեմ այն անկեղծութիւնը, բացութիւնն ու անմիջականութիւնը, որ բոլորը դրսեւորեցին։ Սա է, ի վերջոյ, փոխըմբռնման եւ վերջապէս համաձայնութեան հասնելու ճանապարհը։ Շնորհակալութիւն երկուքիդ ալ՝ այստեղ գտնուելու համար։ Շնորհակալութիւն այս երեք օրերու ընթացքին կատարուած քրտնաջան աշխատանքին համար։ Շնորհակալութիւն արձանագրուած յառաջընթացին համար եւ շնորհակալութիւն այն ջանքերուն՝ յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն շարունակելու վճռակամութեան համար», նշեց Էնթընի Պլինքըն Ուաշինկթընի բանակցութիւններու եզրափակիչ փուլին։
Իր խօսքին մէջ ամերիկացի պետական քարտուղարը յիշեց նաեւ Եւրոմիութեան գործընկերներու հետ կատարուած հանդիպումներուն մասին՝ ներառեալ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի մակարդակով։ Ան աւելցուց, որ քանի մը շաբաթէն նոր հանդիպման մը կը սպասուի Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ։ Պլինքըն համոզուած է, թէ պէտք է օգտուիլ այն յառաջընթացէն, որ հնարաւոր դարձած է հասնիլ այդ հանդիպումներու ընթացքին։
Բացի Պլինքընի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններէն, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթհիու Միլլըրն ալ տեղեկացուց, որ Ուաշինկթըն կառուցողական կը համարէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններու հերթական փուլը։
Հայկական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեանի եւ Պայրամովի Ուաշինկթընի եռօրեայ բանակցութիւններուն զուգահեռ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումները շարունակուեցան եւ, աւելին, կողմերը այս առումով փոխադարձ մեղադրանքներ հասցէագրեցին իրարու։ Այս ծանր մթնոլորտին մէջ Ստեփանակերտէն ալ հնչեցին արմատական յայտարարութիւններ։ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովը հայկական պատուիրակութենէն պահանջեց դադրեցնել Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւնները՝ մինչեւ Արցախի հետ շփման գծին եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ լիակատար հրադադարի հաստատուիլը եւ զայն պահպանելու ուղղեալ փաստաթղթային երաշխիքներու տրամադրումը։ Յղացեալ բանակցութիւնները, այդուհանդերձ, շարունակուեցան՝ ամերիկեան կողմի ամենաբարձր մակարդակի ներգրաւումով։ Էնթընի Պլինքըն կարեւորեց բանակցութիւններու թափի պահպանումը։ Ան այս հանգամանքը կարեւորեց՝ ապագայ համաձայնութիւններու հասնելու առումով՝ վերջնական նպատակ ունենալով ընդհանուր համաձայնագրի ձեւաւորումը։ Որքան որ ալ լաւատես մթնոլորտ մը ստեղծուած ըլլայ Ուաշինկթընի շփումներու լոյսին տակ՝ կողմերու յայտարարութիւններէն արդէն կարելի է հետեւցնել, որ ինչպէս բանակցութիւններէն առաջ, այնպէս ալ այս բանակցութիւններէն վերջ Երեւանի եւ Պաքուի դիրքորոշումները առանցքային բոլոր հարցերու շուրջ տակաւին կը կարօտին երկարատեւ աշխատանքի՝ հասարակաց յայտարարի մը հասնելու նպատակով։
ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԴԷՊԻ ԱՄՆ
Միւս կողմէ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ վաղը աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Ուաշինկթըն, ուր նախատեսուած են իր հանդիպումները Ճէյք Սալըվընի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։