ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Իսլամական աշխարհի «Քուրպան»ի տօնին առաջին օրը տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն խօսակցութիւնը։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան տօնին առթիւ յղեց շնորհաւորութիւններ։ Նախագահ Էրտողան մաղթեց, որ այս տօնը բարեբեր ըլլայ թէ՛ տարածաշրջանին եւ թէ համայն մարդկութեան համար՝ խաղաղութեան, անդորրութեան եւ բերրիութեան առումով։ Զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Նախագահ Էրտողան յիշեցուց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ՝ ամբողջական բնականոնացման նպատակով ձեռնարկուած գործընթացէն ներս ցայսօր առնուած են փոխադարձ վստահութեան հետամուտ քայլեր։ Ան համոզուած է, որ յառաջիկայ շրջանին ալ այս գործընթացը պէտք է շարունակուի։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով ալ նախագահ Էրտողան վարչապետ Փաշինեանի հետ զրուցելու ժամանակ շնորհաւորած է մօտալուտ Վարդավառի տօնը։ Հայկական կողմի հաղորդումներով, երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի համատեսքին մէջ, նախագահն ու վարչապետը քննարկած են դիւանագիտական անցագրի տէր անձերու եւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանի բացման մասին պայմանաւորուածութեան կատարման ընթացքը։
Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ տարի ալ այս շրջանին նախագահ Էրտողանի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած էր հեռախօսազրոյց մը։