SHELL ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Shell միջազգային նշանաւոր հեղուկ վառելանիւթի վաճառանիշը արդէն մուտք գործած է Հայաստան։ Վերջին օրերուն հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ Shell-ի Հայաստանի մասնաճիւղը։ Բարձրաստիճան պետական այրեր եւ ընկերութեան ղեկավարութեան բարձր մակարդակի ներկայացուցիչներ այս առթիւ հանդէս եկան ելոյթներով՝ միասնաբար կտրելով խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը։

Shell արդէն շուրջ տասնեակ մը հեղուկ վառելիքի վաճառքի կէտեր հաստատած է Հայաստանի մէջ առաջին փուլին։ Այդ կէտերէն ներս կը գործեն նաեւ հանրախանութներ՝ ինչպէս որ է աշխարհի գրեթէ բոլոր վաճառքի կէտերու պարագային։

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023