Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՅԼԵՒՍ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՉՀԱՄԱՐՈՒԻՆՔ

Տակաւին Ն.Ք. 4-րդ դարուն հին յոյները ձեւակերպած են, այսպէս կոչուած, «կոյտի հակասութիւնը»: Ըստ այդմ՝ ցորենի մէկ հատիկը ակնյայտօրէն կոյտ չէ: Եթէ անոր վրայ աւելցնենք եւս մէկ հատիկ, դարձեալ, կարծես թէ, կոյտ չէ: Աւելցնելով մէկ-մէկ հատիկ, մենք, այդպիսով, չենք կարողանար յստակ ըսել, թէ որ պահէն սկսեալ ցորենի հատիկներու հաւաքածոն կոյտ կը դառնայ:

Կայ նաեւ նոյն հակասութեան հայելանման շրջուածքը: Այսինքն, եթէ ենթադրենք, որ կայ, ըսենք մէկ միլիոն ցորենի հատիկ, որ «մենք» կոյտ կ՚անուանենք, ապա, հատիկ մը հանելով, որքա՞ն պէտք է պակսեցնենք, որպէսզի այդ մէկը դադրինք «կոյտ» կոչելէ:

Նոյն հարցումը, կը կարծեմ, կրնանք տալ «պետութիւն» հասկացութեան վերաբերեալ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը առանց Արցախի, այնուամենայնիւ, պետութի՞ւն է: Ես, ճիշդը ըսած, կը կասկածիմ։ Երրորդ հանրապետութիւնը «կը նախագծուէր»՝ որպէս Արցախի ազատութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւոր: Բայց Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կ՚ըսեն. «Այո, ի հարկէ, մենք պետութիւն ենք՝ Ալմա Աթայի հռչակագրով»:

Լաւ, ենթադրենք: Բայց «ցորենի հատիկները» հետզհետէ կը պակսին: Առանց Գորիս-Կապան մայրուղիի պետութի՞ւն ենք: Առանց Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մեր ինքնիշխան տարածքներուն պետութի՞ւն ենք: Չէ՞ որ պետութեան յատկանիշն է վերահսկողութիւնը որոշ տարածքի մը վրայ: Առանց Տաւուշի սահմանամերձ տարածքներու, ուր կը յայտնուին թշնամիի զինուորները, պետութի՞ւն ենք:

Իշխանութիւնները դարձեալ կ՚ըսեն. «Այո, ի հարկէ, մենք այդպիսով կ՚ամրապնդենք մեր պետականութիւնը: Սա մեր հանճարեղ դիւանագիտութեան արդիւնքն է»:

Լաւ, սա ալ անցանք: Բայց մօտաւոր ապագային «ցորենի հատիկները» կը շարունակեն պակսիլ: Առանց Տիգրանաշէնի եւ այլ «անքլաւներու», մեր ռազմավարական մայրուղիները վտանգուած վիճակով, պիտի շարունակե՞նք պետութիւն մնալ: Այլ պետութիւններու պահանջով Սահմանադրութիւնը, օրէնքները, զինանշանը փոխելով դարձեալ պետութիւն պիտի մնա՞նք: Սեփական տարածքով «միջանցք» յանձնելով, դարձեալ կրնա՞նք պետութիւն համարուիլ: Վերջապէս, իշխանութեան «աջակցող» թշնամիի զօրքով, որ եթէ գայ, այլեւս չ՚երթար, պիտի շարունակե՞նք պետութիւն ըլլալ:

«Այո, - կ՚ըսեն իշխանութիւնները, - որովհետեւ ժողովուրդը կողմնակից է այդ բանին, իսկ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի առջեւ պիտի ծածանուի մեր դրօշը»:

Չեմ գիտեր, գուցէ: Բայց անձամբ ինձ համար «ժողովուրդի կողմնակից ըլլալը» եւ ծածանուող դրօշը չափանիշներ չեն:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2024