ՕՐԱԿԱՐԳԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ, ուր կը հիւրընկալուի Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլիի կողմէ։ Միրզոյեան օրուան տեւողութեան կը հիւրընկալուի նաեւ Վրաստանի ղեկավարութենէն այլ բարձրաստիճան դէմքերու կողմէ։ Թիֆլիզի մէջ նախատեսուած է նաեւ Միրզոյեանի եւ Տարչիաշվիլիի մամլոյ ասուլիսը։

Արարատ Միրզոյեանի այս ուղեւորութիւնը կը զուգադիպի հետաքրքրական ժամկէտի մը։ Արդարեւ, Երեւան-Թիֆլիզ յարաբերութիւնները ընդհանրապէս տարածաշրջանային առումով վճռական նշանակութիւն ունին, սակայն, անոնք այս շրջանին Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան տեսակէտէ ուրոյն վիճակ մը կը պարզեն։ Վրաստան երկար տարիներ Հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ-ի հիմնական գործընկերը եղած է, սակայն վերջին շրջանին կողմերու միջեւ ներդաշնակութիւնը կորսուած է, իսկ Հայաստան-ԵՄ համագործակցութիւնը արձանագրած է որոշ վերելք։ Յամենայնդէպս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն յայտարարեց, որ վստահ չէ, թէ Եւրոմիութիւնը որքան մօտ ըլլալ կ՚ուզէ Հայաստանին հետ։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ ի պատասխան Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի անդամակցութեան համար հանրաքուէ մը կազմակերպելու առաջարկին։ Հարկ է նշել, որ Վրաստան արդէն պաշտօնապէս դասուած է ԵՄ-ի անդամակցութեան թեկնածու երկիրներու շարքին։

Միւս կողմէ, այսօր Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, որ կազմակերպուած էր ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան Քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումի Հայաստանի ազգային հարթակին կողմէ։ «Հայաստան-Արեւելեան գործընկերութիւն-ԵՄ. գործընկերութեան մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» խորագրեալ հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Holiday Inn» պանդոկին մէջ։ Խորհրդաժողովի բացման փուլի ատենախօսներու շարքին էին Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան առաքելութեան ղեկավար դեսպան Վասիլիս Մարակոս։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2024