«DISNEY PLUS»Ի ԴԷՄ ԲՈՒՌՆ ԲՈՂՈՔԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Թուրքիոյ մէջ բողոքի մեծ ալիք ստեղծուած է «Disney Plus» հեռուստահարթակին դէմ։ Ամերիկեան այս՝ ֆիլմերու եւ ֆիլմաշարերու հարթակը վերջերս որոշած է՝ հրաժարիլ Աթաթիւրքի վերաբերեալ նիւթի մը սփռումէն։ Կը հաղորդուի, որ հարթակը այս նիւթը իր բաժանորդներուն մատուցելը մերժած է՝ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ճնշումին ներքեւ։

Այս կացութիւնը Թուրքիոյ մէջ պոռթկում յառաջացուցած է եւ ամբողջ լրատուամիջոցները ահազանգ կը հնչեցնեն, թէ ամերիկահայ լոպիին կողմէ արգիլուած է՝ Աթաթիւրքի վերաբերեալ ֆիլմին ցուցադրումը։ Մինչ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու Ազգային մեծ ժողովը իսկոյն շարժման անցած են, քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներն ալ փութով միացած են բողոքի ալիքին։ Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդը հարցաքննութեան ձեռնարկած է խնդրոյ առարկայ հարթակի Թուրքիոյ ներկայացուցչութեան դէմ։ Ընկերային ցանցերու վրայ ալ արշաւ մը սկսած է, որպէսզի բաժանորդագրութիւնները ջնջուին։

Տեղական մամուլը կը գրէ նաեւ «The Walt Disney Company Türkiye»ի ընդհանուր տնօրէն Ճենք Սոնէրի յայտարարութիւններուն մասին, ըստ որոնց խնդրոյ առարկայ ֆիլմաշարը՝ երկու ֆիլմի ձեւաչափով յառաջիկայ 29 հոկտեմբերին՝ Հանրապետութեան տօնին օրը պիտի սփռուի հեռուստակայանի մը կողմէ։ Բաց աստի, ան Թուրքիոյ մէջ շարժանկարի սրահներէ ներս ալ ցուցադրութեան պիտի դրուի։

Միւս կողմէ, թրքահայ համայնքն ալ արձագանգեց երկրէն ներս ստեղծուած բողոքին։ Այսպէս, Թրքահայ վաքըֆներու միութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2023