ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ԱՅՍՕՐ Կ՚ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԻ

«Երիտասարդներու կողմէ՝ երիտասարդներու համար» կարգախօսով կազմակերպուած Երեւանի Ազգային երիտասարդական համաժողովը այսօր կը հասնի իր աւարտին։ Համահայկական այս հաւաքի առաջին երկու օրերուն նոր սերունդի ներկայացուցիչները խտացեալ քննարկումներ ծաւալեցին՝ ծրագրով նախատեսուած օրակարգի նիւթերուն շուրջ։ Անոնք նաեւ խանդավառ մասնակցութիւն բերին՝ իրենց համար նախատեսուած ընկերային ձեռնարկներուն, որոնք կազմակերպուած էին Երեւանի կեդրոնի յատկանշական վայրերուն մէջ։

Համագումարի բացման լիագումար նիստէն վերջ սկսաւ բուն օրակարգին գործադրութիւնը։

Համաժողովի շրջանակներուն մէջ առաջին արծարծուած նիւթն էր՝ երիտասարդներու ներգրաւուածութեան մոտելները սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ «Մակերեսէն ներքեւ. ներդնելով մեր ուժը եւ համաշխարհային փորձառութիւնը հայրենիքի համար» խորագրեալ «TEDx» ոճի զրոյցներով, որոնց ընթացքին շօշափուեցան Հայաստանի եւ սփիւռքի ներուժը, հայկական վաճառանիշներու ստեղծումը, Հայաստանի եւ Արցախի շահերու պաշտպանութիւնը, պետական համակարգին սփիւռքի ներգրաւումը, սիպեր անվտանգութեան հարցերը, հասարակական եւ ընկերային ձեռներէցութեան կարեւորութիւնը։ Այս կապակցութեամբ խորհրդածութիւններով հանդէս եկան՝ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Սիսիան Պօղոսեան, Հայաստանի գիտութեան եւ թեքնոլոժիներու հիմնադրամի (FAST) հիմնադիր-գործադիր տնօրէն Արմէն Օրոջեան, «CyberHUB»ի համահիմնադիր Սամուէլ Մարտիրոսեան, «ռէԱրմենիա» հիմնադրամի տնօրէն Գէորգ Պօղոսեան եւ միջազգային իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան։

Զուգահեռաբար տեղի ունեցան համաժամանակեայ նիստեր, որոնք ձեւով մը աշխատանոցներու տրամաբանութեամբ կազմակերպուած էին: «Մարդու իրաւունքներու եւ հայկական շահերու պաշտպանութիւն», «Կրթութիւն եւ գիտութիւն», «Գործարարութիւն, թեքնոլոժիներ եւ ձեռներէցութիւն», «Մետիա, լրագրութիւն եւ ժամանց», «Մշակոյթ» եւ «մարմնամարզ» վերնագիրներու ներքեւ ծաւալուած քննարկումները կը վերաբերէին միջազգային հարթակներու վրայ հայկական շահերու եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղեալ որոնումներու եւ այդ բոլորին սփիւռքի ներգրաւուման ձեւաչափերուն։

Համաժողովի ուշագրաւ նիստերէն մին տեղի ունեցաւ՝ «Ներդաշնակելով աւանդութիւնը եւ փոփոխութիւնը. ընդունինք մեր զարգացող ինքնութիւնը՝ յարգելով մեր ժառանգութիւնը» խորագրով։ Այս փուլին զեկուցեց «Հրանդ Տինք» հիմնարկէն Ատովմ Շաշքալ, որ համաժողովի միակ թրքահայ ատենախօսն էր։

Ի շարունակութիւն, համաժողովի երկրորդ օրը սկիզբ առաւ Շուէտի խորհրդարանի հայազգի անդամ Արին Կարապետեանի ողջոյնի խօսքով։ Հիմնական բանախօսն էր «Picsart»ի ուսուցման եւ զարգացման բաժնի ղեկավար Մատլէն Մինասեան, որ իր խօսքին մէջ կարեւորեց Հայաստանը՝ որպէս նորարարութեան հանգոյց։ Յաջորդեց «Անկեղծ խօսակցութիւն. սահմանելով Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու առաջնահերթութիւնները եւ երիտասարդութեան դերը կապերու ամրապնդման գործին մէջ» խորագրեալ նիստը։ Աւելի վերջ տեղի ունեցաւ քաղաքագէտ Թալին Փափազեանի եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի մասնակցութեամբ՝ ընդհանուր հաւաքի ձեւաչափով քննարկումը, որու ընթացքին արծարծուեցան զանազան ոլորտներէ ներս անվտանգութեան կարեւորութիւնն ու պետութեան կողմէ առնուած քայլերը։

 Դարձեալ զուագհեռաբար տեղի ունեցան «Գաղափարէն գործողութիւն» խորագրի ներքեւ համաժամանակեայ ձեւաչափով քննարկումներ։ Այս ամբողջին մէջ ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ՝ «Բացայայտելով հայրենիքի հնարաւորութիւնները՝ կամաւորութիւն, աշխատանք եւ գործարարութիւն» նիւթին վրայ։ Այս ասուլիսին եւ հարցում-պատասխան ձեւաչափով կարծիքի փոխանակումներուն ընթացքին կարեւորուեցան Հայաստանի զարգացման ու բարգաւաճման տեղւոյն վրայ ներգրաւուիլն ու փորձառութիւններու փոխանակումը, Հայաստանի մէջ ապրելու առաւելութիւններն ու հնարաւորութիւնները։

Համաժողովի ծրագիրը ընդգրծեց՝ «Միջոցներու եւ հնարաւորութիւններու էքսփօ» մը, որու ընթացքին երիտասարդներ տեղեկութիւններ ստացան հայկական զանազան կազմակերպութիւններու գործունէութեան եւ կրթութեան, մշակոյթի, գիտութեան եւ այլ ոլորտներու վերաբերեալ ծրագրերու շուրջ։

Համաժողովի առաջին երկու աշխատանքային օրերու աւարտին, երիտասարդներուն համար համերգներ տեղի ունեցան Օփերայի համալիրի հարեւանութեամբ՝ Կարապի լիճին շուրջ եւ Քասքատի մէջ։

Հարկ է նշել, որ այս համաժողովին կը մասնակցի նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-էն Պիանքա Սարըասլան, որ կը հետեւի քննարկումներուն։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2023