ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ. ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆ ԱԼ ՇՈՒՏՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի փոխադրութեան դադրեցումէն վերջ առաջին անգամ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում մը տեղի ունեցաւ։ Թէ՛ Պեշթեփէի եւ թէ Քրեմլինի աղբիւրները մանրամասնութիւններ հրապարակեցին այս կարեւոր զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։ Երէկուան զրոյցին զուգահեռ՝ հորիզոնին ուրուագծուած է արդէն Էրտողանի եւ Փութինի դէմ առ դէմ հանդիպման հեռանկարը, ըստ երեւոյթին, շուտով Թուրքիոյ մէջ։ Միջազգային աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ այս հեռախօսազրոյցէն առաջ Ռուսաստան հարուածային անօդաչու սարքերով յարձակում մը իրականացուցած է Ուքրայնայի՝ Դանուբի մերձակայ մեծագոյն նաւահանգիստին վրայ, ուրկէ հացահատիկի փոխադրում կը կազմակերպուի։ Քիեւէն տեղեկացուած է, որ նաւահանգիստը վնասուած է լրջօրէն։

Էրտողան եւ Փութին երէկ առաջնահերթօրէն անդրադարձան հացահատիկի փոխադրութեան «Սեւ ծովու միջանցք» գործարքի տեւականացման կարեւորութեան։ Զրուցակիցները համաձայնութեան հասան նաեւ ռուս ղեկավարի Թուրքիա այցելութեան շուրջ։ Էրտողան Փութինին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ վերջին շրջանին ծագած իրերայաջորդ անտառային հրդեհներու դէմ պայքարի գծով Ռուսաստանի կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։ Միեւնոյն ժամանակ, Էրտողան գոհունակութիւն յայտնեց, թէ ռուս զբօսաշրջիկներու Թուրքիոյ նկատմամբ հետաքրքրութիւնը հետզհետէ կ՚աւելնայ եւ համատեղ ջանքերով այս ոլորտէն ներս ներկայ տարուան արդիւնքները կրնան ըլլալ մրցանիշային։

Անդրադառնալով Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին՝ Էրտողան շեշտեց, որ հրահրիչ քայլերէ պէտք է խուսափիլ առկայ գործընթացին մէջ։ Ան «խաղաղութեան կամուրջ» որակեց Սեւ ծովու նախաձեռնութիւնը։ Այս վերջնոյն կարեւորութիւնը ընդգծելով՝ Էրտողան բացատրեց, որ անոր երկար ժամանակով դադարը ոեւէ մէկու օգուտ չի բերեր։ Այս առումով առաւել չափով պիտի տուժեն այն աղքատ երկիրները, որոնք հացահատիկի կը կարօտին։ Էրտողան Փութինի ուշադրութիւնը հրաւիրեց նաեւ գիներու հարցին վրայ։ Արդարեւ, գործարքի ընթացած շրջանին հացահատիկի գիները իջած էին 23 տոկոսի համեմատութեամբ։ Իսկ վերջին երկու շաբթուան ընթացքին հացահատիկի գիները բարձրացած են շուրջ 15 առ հարիւր։ Այս բոլորի լոյսին տակ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա մեծ ջանքեր պիտի գործադրէ եւ խտացեալ դիւանագիտութիւն յառաջ պիտի տանի՝ Սեւ ծովու նախաձեռնութեան յարատեւման նպատակով։

Անգարայի այս հրապարակումներուն առընթեր Մոսկուայէն ալ հաղորդուեցաւ, որ Փութին Էրտողանի նկատառման յանձնած է Ռուսաստանի պայմանները, որոնք խնդրոյ առարկայ են հացահատիկի գործարքի վերսկսման, այսինքն Իսթանպուլի համաձայնութեան վերականգնման համար։ Ըստ Փութինի, այդ համաձայնութեան Ռուսաստանի վերաբերեալ բոլոր յօդուածները պէտք է լիարժէք կեանքի կոչուին։ Արեւմտեան երկիրները երբոր այդ յօդուածները գործադրեն, ապա ռուսական կողմը անմիջապէս պիտի վերադառնայ այդ համաձայնութեան։ Առկայ պայմաններով որեւէ յառաջընթաց չի դիտարկուիր, ուստի անկարելի է, որ Ռուսաստան վերադառնայ այդ համաձայնութեան։

Էրտողանի հետ զրուցելու ընթացքին Փութին լայնօրէն խօսած է նաեւ Ռուսաստան-Ափրիկէ գագաթաժողովին ժամանակ հրապարակած հացահատիկի վերաբերեալ ծրագրին շուրջ։ Ռուս ղեկավարը յիշեցուց, որ իր երկիրը պատրաստ է անվճար հացահատիկ ուղարկել՝ սովի մատնուած Ափրիկէի երկիրներուն։ Փութին Թուրքիոյ օժանդակութիւնն ու համագործակցութիւնը կ՚ակնկալէ՝ համապատասխան փոխադրութիւններուն համար։

Զրոյցի տեւողութեան ղեկավարները շօշափած են նաեւ բազմակողմանի ռազմավարական նշանակութեամբ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ նիւթեր։

Ռուսական կողմն ալ հաստատած է, որ երկու ղեկավարներու հաւանական գագաթաժողովին համար աշխատանքները պիտի շարունակուին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2023