ՕՐԵՐԸ ԿԸ ՍԱՀԻՆ…

Պաշարեալ Արցախի մէջ մարդասիրական տագնապը ժամ առ ժամ կը խորանայ։ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարները կը շարունակեն սպասել Կոռնիձորի մէջ՝ քանի Ատրպէյճանի արգելափակած Լաչինի միջանցքէն անցնելու հնարաւորութիւն չեն ունենար։

Ստեղծուած ծանր իրավիճակի պայմաններով ներկայիս տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ Լուիս Պոնօ, որ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան տեսակցեցաւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարին հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, շօշափուեցան Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Գրիգորեան ներկայացուց Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապին հետեւանքները եւ ընդգծեց Լաչինի միջանցքի ժամ առաջ վերաբացման հրամայականը։ Պոնօ այսօր ալ կը շարունակէ Երեւանի շփումները։

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Նախարարը զրուցակիցի նկատառման յանձնեց Լաչինի միջանցքի անյապաղ վերաբացման հրամայականը՝ ըստ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի քանիցս վերահաստատուած դատավճռին։ Ընդգծուեցաւ Կարմիր խաչի լիարժէք ու անխափան գործունէութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը՝ քանի այդ մէկն է այն միակ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնը, որ հասանելիութիւն ունի դէպի Արցախ։ Միրզոյեան մարդասիրական միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում որակեց՝ Կարմիր խաչի կողմէ բուժման համար Հայաստան տեղափոխուելու ժամանակ Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգուած Արցախի բնակիչ Վագիֆ Խաչատրեանի պարագան։ Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան վերահաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու՝ միջազգային դրութեան մը ներքեւ հասցէագրման կարեւորութիւնը։ Ան ընդգծեց միջազգային գործընկերներու կողմէ յստակ քայլերու անհրաժեշտութիւնը՝ էթնիք զտումները կանխելու համար։

Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ խոր մտահոգութիւն յայտնեց այն հրապարակումներուն վերաբերեալ, ըստ որոնց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակը կը վատթարանայ։ Իր անունով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռներու կատարման անհրաժեշտութիւնը։ Ան կոչ ուղղած է աշխուժացնել ջանքերը՝ յարաբերութիւններու երկարաժամկէտ կարգաւորման ուղղութեամբ, ինչ որ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ի նպաստ է։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի լրատուամիջոցներու վերջին հաղորդումներուն մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն խորհրդարանի ընդդիմադիր երեսփոխաններէն մէկուն յայտարարութիւնները, ըստ որոնց Արցախի հարցով այլեւս որեւէ չափանիշային լուծում չի կրնար ըլլալ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2023